ՊԷՅՐՈՒԹ, «Զարթօնք»․- Պելոռուսի ֆութպոլի ախոյեանութեան 8րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի յարձակող Գեղամ Քատիմեանի մաս կազմած եւ 14րդ դիրքը գրաւող Կրատնոյի «Նիոման» խումբը իր դաշտին վրայ մրցեցաւ Պրեսթի «Ռուխ»ին դէմ: Հակառակ անոր, որ «Նիոման»ի կազմը 2-4 արդիւնքով պարտութիւն կրեց, Քատիմեան կրցաւ երկու կօլեր նշանակել, ցարդ իր նշանակած կօլերուն թիւը վեցի հասցնելով եւ գրաւելով Պելոռուսի ախոյեանութեան ընթացքին կօլ նշանակողներու ցանկին առաջին դիրքը
Նշենք, որ նոյն ախոյեանութեան մրցող «Սլուցք»ին մաս կը կազմէ Հայկ Մուսահակեան։