Վերջին տարիներուն, հանրութեան տարամադրութեան տակ կը գտնուի դիւրին ընթեռնլի, պարզ լեզուով ու ամփոփ, եւ յատկապէս երիտասարդութեան դիւրամատչելի, սակայն նոյն ժամանակ համապարփակ կերպով գրուած Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ շնորհիւ Արամ Ա. վեհափառին, որ գրուած է անգլերէնով՝ «The Armenian Church», եւ ցարդ թարգմանուած է երեք լեզուներու՝ ֆրանսերէնի, ռուսերէնի եւ պարսկերէնի։
Արդարեւ, ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտնել, որ վերջերս վեհափառ հայրապետին վերոյիշեալ գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը եւս հրատարակուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն, եւ այսպիսով գիրքը տրամադրելի է 5 լեզուներով (անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, ռուսերէն եւ պարսկերէն)։
Թարգմանական ամբողջական եւ ասուածաբանական բառամթերքով լի մասնագիտական աշխատութիւնը կատարած է Հալէպի ազգայիններէն դոկտ. Հուրի Ազէզեան։
Այս առիթով նաեւ յայտնենք, թէ հայրապետին գիրքին գերմաներէն եւ յունարէն թարգմանութիւնները պատրաստ են եւ շուտով պիտի լոյս տեսնեն։
ԴԻՒԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ