ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 20 Մայիսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած 230 նոր հաստատուած պարագաներ, 255 անձեր նոր ապաքինած են, նաեւ արձանագրուած են 3 մահեր:
Հաստատուած պարագաերու ընդհանուր թիւը՝ 5271 է, ապաքինածներունը՝ 2419, ապաքինման ենթարկուողներունը՝ 2758, ընդհանուր քննութիւններունը՝ 44.071 եւ մահերունը՝ 67։
«Քորոնա» ժահրով վարակման 7 պարագաներ արձանագրուած են շինարարական ձեռնոց եւ բժշկական դիմակ արտադրող «Տաւուշ Թեքսթիլ»ի արտադրամասերէն մէկուն մէջ։ Լուրը հաստատեց Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան, ըստ որուն, վարակի օճախին յարակից երկու արտադրամասերը փակուած են, 150 աշխատակիցներ եւ անոնց ընտանիքի անդամները մեկուսացուած են։
Ըստ մարզպետին, բոլոր վարակուած անձերերը եւ մեկուսացուածները իրենք զիրենք լաւ կը զգան, եւ ինք յոյս ունի, որ անոնք շուտով կ’ապաքինին: