ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ»․- Սուրիոյ հարցերու ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Կիր Փեթերսոն յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ ընդդիմութիւնը համաձայնած են Ժընեւի մէջ ժողով գումարել` շարունակելու համար սահմանադրական յանձնախումբին աշխատանքը «անմիջապէս, որ կացութիւնը արտօնէ եւ համաճարակէն յառաջացած կացութիւնը բարելաւուի»։
Ան նաեւ շեշտեց, որ Սուրիայէն զինեալ վարձկաններու Լիպիա փոխադրութիւնը «խիստ անախորժ հարց մըն է»:
Նշենք, որ Լիպիոյ մէջ շարունակուող քաղաքացիական պատերազմին մէջ հակադիր կողմերուն նեցուկ կանգնող Անգարա եւ Դամասկոս կ՛ամբաստանուին նման փոխադրութիւններ կազմակերպելու յանցանքովը։