ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ»․- Իսրայէլի իշխանութիւնները պէտք է հրաժարին այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան յանգեցնել պաղեստինեան բռնագրաւեալ տարածքներուն՝ Իսրայէլի կցումին, շեշտեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի, Իսրայէլի կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ եւ 18 Մայիս թուակիր յայտարարութեան մէջ:
Պորել իր յայտարարութեան մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Մենք Իսրայէլին խստօրէն կոչ կ՛ուղղենք` ձեռնպահ մնալու որեւէ միակողմանի որոշումէ, որ պիտի յանգեցնէ պաղեստինեան որեւէ գրաւեալ տարածքի մը կցման. անիկա կը հակասէ միջազգային օրէնքին»:
Եւրոպական Միութենէն նաեւ յայտնեցին, որ իրենք համաձայն պիտի չըլլան սահմաններու փոփոխութեան հետ, առանց իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ համաձայնութեան: