ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 22 Մայիսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրի վարակման 322 նոր պարագաներ, եւ մահացած են 4 անձեր։
Այսպիսով, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 5928ի, ապաքինածներունը՝ 2874ի, բուժուողներունը՝ 2952ի, մահացողներունը՝ 74ի, իսկ կատարուած քննութիւններունը՝ 47,654ի:
Իսկ Արցախի մէջ արձանագրուած են վարակման 4 նոր պարագաներ՝ ընդհանուր թիւը հասցնելով 33ի։ «Քորոնա» ժահրի քննութիւն կատարած են 669 անձեր եւ կան 69 մեկուսացուածներ:
Նշենքմ թէ ցարդ մահեր չկան Արցախի մէջ։