ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 22 Մայիսին հանդիպում ունեցաւ աշխատանքային այցելութեամբ Ստեփանակերտ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանին հետ։
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին արտաքին քաղաքական ոլորտին մէջ համագործակցութեան օրակարգի գերակայ ուղղութիւններուն վերաբերեալ եւ գոհունակութիւն յայտնեցին երկու գերատեսչութիւններուն միջեւ ստորագրուած խորհրդակցութիւններու ծրագիրի կատարման ընթացքին վերաբերեալ: Կողմերը ընդգծեցին արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրները յաղթահարելու նպատակով ներդաշնակ եւ համակարգուած ջանքերու շարունակականութեան կարեւորութիւնը:
Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները անդրադարձան Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին մասնակցութեամբ տեղի ունեցած առցանց հանդիպումին արդիւնքները:
Նախարարները նաեւ միտքեր փոխանակեցին միջազգային համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ` պայքարելու «Քորոնա» ժահրի համավարակի տարածման դէմ: