ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Արցախ-ատրպէյճան սահմանագիծին վրայ 17էն 23 Մայիս երկարող ժամանակաշրջանին ատրպէյճանական բանակը զինադուլի պահպանման դրութիւնը խախտած է աւելի քան 180 անգամ՝ տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէ հայ սահմանապահներու ուղղութեամբ կրակած շուրջ 3000 անգամ:
Այս խախտումներուն կողքին, Մայիս 22ին բանակի զօրամասերէն մէկուն պաշտպանական դիրքերուն ուղղութեամբ հակառակորդը փորձած է հետախուզական ներթափանցում կատարել:
Բանակի ստորաբաժանումները ժամանակին նկատած են ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացքը եւ, կորուստներ պատճառելով, ետ մղած են զանոնք: Ծաւալած փոխհրաձգութեան ժամանակ պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած։
«ՊԲ առաջապահ զորամասերը շարունակում են լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագծում եւ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկել մարտական դիրքերի պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար։ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ է անում ադրբեջանական կողմին ձեռնպահ մնալ իրադրութիւնն արհեստականօրէն լարելու անհեռանկար մարտավարութիւնից: Հակառակ դէպքում՝ առաջնագծում ստեղծուած լարուածութեան ողջ պատասխանատուութիւնը ընկնելու է ադրբեջանական կողմի վրայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: