ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Մայիս 25ի դրութեամբ Հայաստանի մէջ արձանագրուեցաւ «Քորոնա»ի վարակման 452 նոր պարագաներ, որոնք թիւով ցարդ ամէնէն բարձրն է Հայաստանի մէջ արձանագրուածներուն: Միւս կողմէ, կը տեղեկացուի որ առողջացած են 81 անձեր իսկ մահացած՝ 6։ Այսպիսով հաստատուած պարագաներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 7113ի, առողջացածներունը՝ 3145ի, բուժուողներունը՝ 3842ի, մահերունը 87ի: Իսկ ընդհանուր քննութիւններուն թիւը 51,594 է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.