ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ»․- Յօրինող եւ «System of a down» նուագախումբի մենակատար Սերժ Թանգեան յայտնեց, որ համաճարակին պատճառով, 2020ին Երեւանի մէջ ծրագրուած համերգը տեղի պիտի չունենայ։ Երաժիշտը նշեց, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ 2021ի ամրան, «եթէ ամէն ինչ լաւ ընթանայ»։
Թանգեան այս հաստատումը կատարեց «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած առցանց հաւաքի մը ընթացքին, որուն մասնակցողները նաեւ մանրամասնութիւններ խնդրեցին իրմէ «Հայաստան» երգին մասին, զոր գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մէկ բանաստեղծութեան հիման վրայ։