ՊԸՐՊԵՆՔ.- Անցնող երկու եւ աւելի ամիսներուն ընթացքին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան կանոնաւոր կերպով առցանց հանդիպումներ ունեցաւ թեմի հոգեւորականաց, Թեմական խորհուրդի, Ծխական խորհուրդներու եւ առաջնորդարանի յանձնախումբերուն հետ։ Այս նոր մօտեցումը ենթահող կը պատրաստէ, որ երբ կեանքը բնականոն իր հունին վերադառնայ, կարելի ըլլայ աշխատանքները առաւելագոյն չափերով արդիւնաւորել ։
«Ժողովական այս դրոյթը յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն պիտի շարունակուի, որպէսզի կարելի ըլլայ միաւորուած պահել թեմի հաւատացեաները։ Ժողովներուն հետ համատեղ շարունակուեցան նոյնիսկ առցանց ձեռնարկներն ու դպրոցները։ Երեւոյթը իրօք դրական է եւ խրախուսող այն իմաստով, որ խանգարող արտաքին ազդակները երբեւէ չեն կրնար խանգարել մեր առաքելական կեանքը», կը նշուի առաջնորդարանի դիւանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։