ՖԱՐՄԻՆԿԹԸՆ ՀԻԼԶ, Միշիկըն․- Ամերիկահայ յօրինող եւ երաժշտութեան արտադրութեան «Եսեան» հիմնարկի հիմնադիր Տեն Եսեանի կողմէ յօրինուած եւ Ցեղասպանութեան նուիրուած համանուագին ոդիսականը պատմուող «An Armenian Trilogy» («Հայկական Եռերգութիւն Մը») ֆիլմը եւ անոր երաժշտութիւնը արդէն իսկ համացանցի շարք մը կայքերու վրայ հրապարակ հանուած են։

Գլխաւորաբար պատկերասփիւռի յայտագիրներու եւ ծանուցումներու համար երաժշտութիւն յօրինող Եսեան այս քայլին դիմած էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ստեղծագործութիւն մը յօրինելու իր եկեղեցւոյ տէր հօր խնդրանքին ընդառաջելով։ Ան նախ յօրինած էր երեք մասով եւ միայն դաշնակով ու ջութակով նուագուող գործ մը, զոր աւելի ուշ վերածեց 91 գործիքներով ներկայացուող ստեղծագործութեան մը, որուն անդրանիկ ներկայացումը տեղի ունեցաւ 2017ին, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք նուախագումբին կատարողութեամբ։
Յաւելալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://armeniantrilogy.com/ կայքը։