ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ․Փի․»․- Միացեալ Նահանգներու պետական տուեալներուն համաձայն՝ այս տարուան առաջին եռամսեակին (Յունուարէն Մարտ) տնտեսութիւնը 5 տոկոսի նահանջ մը արձանագրած է, ինչ որ մեծագոյն նահանջն է 2008էն ի վեր։ Կ՛ակնկալուի, որ կացութիւնը վատթարանայ երկրորդ եռամսեակին
Նաեւ, 28 Մայիսին հաղորդուեցաւ, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած տնտեսական տագնապին պատճառով, յաջորդական ութերորդ շաբաթն ըլլալով, Միացեալ Նահանգներու անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու համար նոր դիմումներ կատարած ամերիկացիներու թիւը նուազած է, սակայն կը շարունակէ բարձր մնալ։
Առ այդ, 23 Մայիսին աւարտած շաբթուան ընթացքին մօտաւորապէս 2․1 միլիոն ամերիկացիներ նոր դիմումներ կատարած են. Մարտի կէսերէն ի վեր, առաւել քան 40 միլիոն ամերիկացիներ անգործ դարձած են։
Նոր դիմումները մեծագոյն թիւով աճած են Քալիֆորնիոյ, Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ, յաջորդաբար՝ 31,764, 29,288 եւ 24,543։