ԿԱՐԱՊԵՏ ՊԵՏԻՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1931 ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Կարապետ Պետիրեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2020ին, Լաս Վեկասի մէջ:
Տեսակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 5 Յունիս 2020ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Լաս Վեկասի Ս․ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, 2054 E․ Desert Inn Rd․, Las Vegas, NV 89169։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը՝ կէսօրուան ժամը 12ին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ, ապա թաղումը՝ կէսօրէն ետք ժամը 2ին, Palm Eastern Mortuary & Cemetery գերեզմանատան մէջ, 7600 S․ Eastern Ave, Las Vegas, NV 89123։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Զարուհի Պետիրեան
Զաւակները՝ Արշօ եւ Սարգիս Մահսէրեճեան
Սիրուն Պետիրեան
Պետրոս եւ Արտա Պետիրեան
Գրիգոր եւ Սեդա Պետիրեան
Թոռները՝ Վանա եւ Րաֆֆի Աշճեան
Արտա եւ Շան Քուն (Sean Koon)
Ալեակ եւ Նոյակ Պետիրեաններ
Արին եւ Շանթ Պետիրեաններ
Ծոռները՝ Ճէյքըպ-Մարք եւ Զարա-Էլիզա Աշճեան
Արօրա Ճէյտ Քուն (Aurora Jade Koon)
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Լաս Վեկասի Ս․ Կարապետ եկեղեցւոյ (St .Garabed Armenian Apostolic Church, 2054 E. Desert Inn Rd., Las Vegas, NV 89169):
ԿԱՐԱՊԵՏ ՊԵՏԻՐԵԱՆի՝ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ երկար տարիներու հոգաբարձութեան անդամին եւ ատենապետին, մահուան առիթով (մահացած Լաս Վեկաս), թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը խորազգաց ցաւակցութիւն կը յայտնեն հանգուցեալի կնոջ՝ Զարուհիին, զաւակներուն՝ Արշոյին, Սիրունին, Պետրոսին եւ Գրիգորին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ԿԱՐԱՊԵՏ ՊԵՏԻՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Լաս Վեկասի Ս․ Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւը, Հոգաբարձութիւնը եւ Տիկնանց օժանդակ մարմինը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԿԱՐԱՊԵՏ ՊԵՏԻՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ Լաս Վեկասի «Իշխան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԿԱՐԱՊԵՏ ՊԵՏԻՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՄԸՄի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անդամ-անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԿԱՐԱՊԵՏ ՊԵՏԻՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Լաս Վեկասի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ «Վերժին Գուճաքեան» շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
Հալէպի Մխիթարեան վարժարանէն մինչեւ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան ՛ՊԵՏԻՐԵԱՆ եղած է իմ ամենահարազատ Ընտանիքը ,որպէս իր չորս տաղանդաւոր և ընտիր զաւակներուն Տնօրէնէն աւելի մտերիմը և վայելած իրենց ջերմ ընկերութիւնը մինչեւ մեր ՛՛բաժանումը՛՛ -ես դէպի Իտալիա,իրենք դէպի Գուէյթ,
պահելով միշտ հոգեկան սերտ կապը մինչեւ այսօր ։ Փունջ մը աղօթք սիրելի ՛՛Կարապետ Ամմօ ՛՛թանկագին բարեկամ ․