ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան:
Վեհափառը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վարչապետին եւ անոր ընտանիքին եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս Հայաստանի ներկայ կացութեան ու յատկապէս համաճարակին յառաջացուցած դժուարութիւններուն գծով:
Վարչապետ Փաշինեան անհրաժեշտ բացատրութիւնները տուաւ «Քորոնա» ժահրին տարածման ու առաջքը առնելու աշխատանքներուն մասին, նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի տնտեսական կացութեան շուրջ: Նոյն ժամանակ ան մօտէն հետաքրքրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ մասնաւորաբար Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններով: Այս ուղղութեամբ հայրապետը ընդհանուր գիծերու մէջ պարզեց թեմերուն եւ յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը։