ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն»․- «Քորոնա» ժահրի նոր տարբերակին ստեղծած համաճարակին պատճառով, ամբողջ երկիր մոլորակին համար այս բարդ ժամանաներուն մէջ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) հետ կապերը ամբողջութեամբ խզելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը մեծ անհանգստութիւն յառաջացուցած է աշխարհի տարածքին։
Եւրոպական Միութիւնը եւ ամերիկացի մասնագետներ Ուաշինկթընին կոչեր ըրին՝ վերատեսութեան ենթարկելու ԱՀԿի հետ կապերը խզելու որոշումը։
Գիտական հարցեր լուսաբանող Nature թերթը հրապարակեց ամերիկեան հեղինակաւոր՝ Ճորճթաուն համալսարանի Համաշխարհային առողջապահութեան կեդրոնի տնօրէն Ռեպեքա Քացի յօդուածը, որուն մէջ ան կը գրէ հետեւեալը. «Ներկայիս համաճարակի մէջ ենք եւ ԱՀԿէն Ամերիկայի դուրս գալը կը նմանի օդանաւին պատուհանները թռիչքի ընթացքին փոխելու փորձին»։
Մինչ այդ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 31 Մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 25 քաղաքացիներ մահացած են գաւառին տարածքին եւ արձանագրուած են վարակման 1379 նոր պարագաներ։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 54,996 վարակումներ եւ 2362 մահեր, որոնց 93 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւններուն թիւը հասած է 598,000ի, որոնց 8 տոկոսը վարակակիր եղած է։
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 112,584ի եւ արձանագրուած են 4240 մահեր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 1․85 միլիոն եւ 106,335 են։
Միացեալ Նահանգներէն ետք վարակակիրներու մեծագոյն թիւը ունեցող Պրազիլի մէջ վարակումներու արագ աճը կը շարունակուի եւ հասած է 514,992ի, իսկ մահերուն թիւը՝ 29,341ի։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 6․3 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը կը մօտեայ 375,000ի։ Ապաքինած են մօտաւորապէս 2․9 միլիոն վարակուածներ։