ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ․- 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանը շուտով կը հասնի իր աւարտին։ Այս տարի, երկրին մէջ ստեղծուած աննախընթաց պայմաններուն պատճառաւ, առաջին անգամն ըլլալով աւանդական վկայականաց բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնները տեղի պիտի չունենան։ Այս առթիւ, առաջնորդ Մուշեղ արք․ Մարտիրոսեան, հոգեւորականաց դասու անդամները, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներու եւ վարժարաններու պատկան մարմինները իրենց օրհնանքը եւ շնորհաւորանքը կը փոխանցեն 2020ի բոլոր շրջանաւարտներուն։ Իսկ երկրորդական վարժարաններէ շրջանաւարտ մեր աշակերտներուն կը մաղթեն նպատակասլաց թռիչք դէպի լուսաշող ու պայծառ ապագայ, նուաճելու ուսումնական բարձրագոյն կաճառներ եւ ուսումնական նորանոր բարձունքներ, մի՛շտ պատրաստ՝ ծառայելու ազգին եւ հայրենիքին։
Պատի՛ւ բոլոր շրջանաւարտներուն եւ իրենց ծնողներուն, որոնց բազմաթիւ զոհաբերութիւններուն շնորհիւ՝ մեր աշակերտները աննախընթաց եւ դժուարագոյն այս պայմաններուն մէջ, առցանց շարունակեցին հետեւիլ ամէնօրեայ դասընթացքներուն, անխափան պահելով իրենց ուսումնառութեան վերջին տարին, հայ կրթօճախէն հայեցի դաստիարակութիւն եւ բարձրագոյն ուսում ստացան, հասնելով իրենց գերագոյն երազին։
Վարձքը կատա՜ր Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, տնօրէններուն, վարիչներուն եւ դաստիարակներուն, որոնց ցանած սերմերը ատոք հասկերու վերածուած՝ կը նետուին կեանքի ասպարէզ, զինուած՝ վճռակամութեամբ եւ հաւատքով, իրենց նպատակներուն իրագործման ի խնդիր։
Այս առթիւ, առաջնորդ սրբազանը իր օրհնութիւնները եւ շնորհաւորական մաղթանքները ուղղեց մեր վարժարաններուն եւ շրջանաւարտներուն։ Զայն կարելի է դիտել՝ www.youtube.com/watch?v=V7WP4Ek3omM&feature=youtu.be կայքէջին վրայ։
(Թղթակցութիւնը՝ ատաջնորդարանէն)