ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Իսրայէլը Այսօր» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ եւ Սէուտական Արաբիա անցեալ Դեկտեմբերէն ի վեր ամերիկեան միջնորդութեամբ կը բանակցին Երուսաղէմի մէջ, Աքսայի համալիրի իսլամական հիմնարկութեան խորհուրդին մէջ սէուտցի ներկայացուցիչներ ներառելու շուրջ:
Սէուտցի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը թերթին յայտնած է, որ հիմնարկութան ղեկավարման մէջ բացարձակ կարգավիճակ ունեցող Յորդանանը հազիւ քանի մը ամիս առաջ կտրուկ կերպով կը մերժէր խորհուրդին մէջ որեւէ փոփոխութիւն, սակայն արեւելեան Երուսաղէմի մէջ, մասնաւորաբար Աքսայի համալիրին մէջ թրքական աշխոյժ միջամտութիւններուն լոյսին տակ իր դիրքորոշումը փոխած է:
Թերթը կը հաղորդէ, որ խորհուրդին մաս կազմող պաղեստինցի պաշտօնատարները Անգարային արտօնած են ներկայութիւն դառնալ՝ իսլամական-թրքական ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու տասնեակ միլիոններով տոլարներու ծրագիրներ իրականացնելով: Գումարները վաւերացուած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ:
Իբրեւ արդիւնք՝ յորդանանցիները Իսրայէլին եւ Միացեալ Նահանգներուն յայտնեցին, որ Հաշեմական թագաւորութիւնը այժմ պատրաստ է սէուտցիներու ներառման նկատմամբ իր կեցուածքը մեղմացնելու՝ պայմանով, որ Յորդանան պահէ Աքսայի համալիրին վրայ իր բացարձակ վերահսկողութիւնը, անիկա միլիոնաւոր տոլարներու նուիրատուութիւններ կատարէ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ իսլամական ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու եւ դիւանագիտական ճնշում բանեցնէ պաղեստինեան հոգատարութեան տակ գործող թրքական իսլամական կազմակերպութիւնները հեռացնելու համար:
Բարձրաստիճան արաբ դիւանագէտ մը թերթին յայտնած է, որ եթէ յորդանանցիները թուրքերուն արտօնեն Աքսայի համալիրին մէջ անարգել գործել, քանի մը տարիէն իսլամական սրբազան վայրերուն պատասխանատուն ըլլալու իրենց կարգավիճակը միայն «թուղթի վրայ» պիտի մնայ: Ան աւելցուցած է, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ եւս շահագրգռուած են, որովհետեւ կ՛ուզեն Միացեալ Նահանգներու խաղաղութեան նախաձեռնութեան եւ իսրայէլեան բռնակցման ծրագիրին սէուտական աջակցութիւն ապահովել, որովհետեւ անիկա, իր կարգին կրնայ նաեւ Պահրէյնէն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն զօրակցութիւն ապահովել: