ԹԻՖԼԻՍ.- Վրաստանի պետական ապահովութեան վարչութիւնը յայտարարեց, որ երկրին մէջ կայ խումբ մը, որ վրացիներուն եւ ատրպէյճանցիներուն միջեւ թշնամանք կը սերմանէ, կը հաղորդէ վրացական «Քվիրա» լրատուական կայքը:
«Պետական ապահովութեան վարչութեան ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Վրաստանի մէջ կայ խումբ մը, որ Քուէմօ Քարթլի եւ Քախեթի մարզերուն մէջ կը փորձէ թշնամանք սերմանել ազգութեամբ վրացիներու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ», կը նշուի վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:
«Այս մարդիկը հայրենասիրութեան քօղին տակ կը խեղաթիւրեն շրջաններու հարցերը եւ ճեղք կը յառաջացնեն երկու ժողովուրդներուն միջեւ, ինչ որ շատ վտանգաւոր է վրացական բնակչութեան համար, որ կ՛ապրի ատրպէյճանցիներով խիտ բնակուած մարզերու մէջ: Անոնք կ՛օգտագործեն պետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող հարցերը՝ երկու ժողովուրդներու միջեւ ատելութիւն սերմանելու համար», յայտարարած են վարչութենէն:
Վարչութիւնը կը զբաղի ազգային խտրականութեան դէմ պայքարով: