ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Պի․Պի․Սի․»․- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 7 Յունիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 25 քաղաքացիներ մահացած են գաւառին տարածքին եւ արձանագրուած են վարակման 1523 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 63,844 վարակումներ եւ 2645 մահեր, որոնց 93 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւններուն թիւը հասած է 696,000ի, որոնց 8 տոկոսը վարակակիր եղած է։
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 132,000ի եւ արձանագրուած են 4653 մահեր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 2 միլիոն եւ 112,596 են։
Միացեալ Նահանգներէն ետք վարակակիրներու մեծագոյն թիւը ունեցող Պրազիլի մէջ վարակումներու արագ աճը կը շարունակուի եւ հասած է 693,419ի, իսկ մահերուն թիւը՝ 37,312ի։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 7 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը՝ 407,000ի։ Ապաքինած են մօտաւորապէս 3․5 միլիոն վարակուածներ։