ՏԱՍՆԵԱԿ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի․Պի․Սի․», «Էյ․Պի․Սի»․- Անցնող շաբաթավերջին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ազգայնամոլութեան եւ ոստիկանութեան բռնարարքներուն դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան, մինչ Ներկայացուցիչներու տան եւ կարգ մը քաղաքներու մէջ ոստիկանութիւնը կարգի բերելու քայլեր սկսան առնուիլ։
Նախորդ շաբաթ տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին ոստիկանութեան կողմէ անհամեմատ ուժի գործածութեան համար դատապատուած ոստիկանական ուժերէն մէկը Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնն էր, սակայն Կիրակի օր, Հոլիվուտի մէջ տեղի ունեցած մօտաւորապէս 20,000 ցուցարարներու մասնակցութեամբ ցոյցը խաղաղ աւարտ ունեցաւ։
Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի մէկն էր ամերիկեան շարք մը քաղաքներու այն ղեկավարներէն, որոնք ոստիկանութեան տրմադրուող գումարները կրճատելու առաջարկ ներկայացուցին, մինչ Մինէափոլիսի քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց լուծարել ազգայնամոլութեամբ ամբաստանուող քաղաքին ոստիկանութիւնը, որուն անդամները սպաննած էին 46ամեայ սեւամորթ անզէն քաղաքացի Ճորճ Ֆլոյտը։
Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ եւս տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ մասնակցեցան բողոքի ցոյցի, մինչ քաղաքապետը Սպիտակ տուն առաջնորդող պողոտան կոչեց «Սեւամորթ կեանքերը արժէքաւոր են»։
Յատկանշական է, որ բանակը ցուցարարներուն դէմ գործածելու նախագահ Թրամփին քայլը առիթ տուած է Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի նման երկիրներու, որ մարդկային իրաւունքներ յարգելու կոչեր կատարեն Ուաշինկթընին։
«Նախագահ Տանըլտ Թրամփ անցեալ շաբաթ իր խորհրդականներուն յայտնեց, թէ կ՛ուզէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղակայել 10,000 զինուոր` Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան դէմ բողոքի ցոյցերու շարունակութիւնը արգիլելու համար, սակայն անոր վարչակազմը բուռն կերպով մերժեց», «Ռոյթըրզ»ին յայտնեց ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը:
Նաեւ, Ուաշիկթըն հաստատուած ազգային պահակագունդի երկու անդամներ կայծակահար եղան, սակայն անոց վէրքերը մահացու չեն։
Աւստրալիոյ եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ տեղի ունեցան բազմամարդ ցոյցեր՝ իբրեւ զօրակցութիւն ամերիկացի ցուցարարներուն, իսկ Անգլիոյ Պրիսոըլ քաղաքին մէջ, 17ռդ դարու ստրուկներու վաճառականի մը արձանը զգետնուեցաւ եւ գետ նետուեցաւ։