ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներու յանձնախումբին՝ CASPS-ին, Չորեքշաբթի, 3 Յունիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի հանրային վարժարաններէ հայ շրջանաւարտներու ի պատիւ 24րդ տարեկան հանդիսութիւնը։
Երկրին մէջ ստեղծուած աննախընթաց պայմաններուն պատճառաւ, այս տարուան հանդիսութիւնը բացառաբար կատարուեցաւ առցանց։
Յայտագիրը սկսաւ CASPS-ի գործադիր տնօրէն Արսինէ Յովհաննէսեանի բացման խօսքով։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր օրհնութիւնները եւ շնորհաւորանքը փոխանցեց շրջանաւարտներուն։ Գլխաւոր բանախօսն էր պատկերասփիւռի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան։ Խօսք առին Կլենտէյլի կրթական համակարգի վերահսկիչ դոկտ. Վիվիըն Էքճեան եւ Ուսումնական խորհուրդի նախագահ դոկտ. Արմինէ Կարապետեան։
Ապա տեղի ունեցաւ գնահատագիրներու բաշխում, ինչպէս նաեւ աշակերտներու կատարողութեամբ գեղարուեստական յայտագիր մը ։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ CASPS-ի անդամներու շնորհաւորական մաղթանքներով։