ՊՈԼԻՍ․- Թուրքիոյ գերագոյն դատարանին որոշումով, երկրին խորհրդարանի ընդդիմադիր երեք երեսփոխաններ զրկուեցան անձեռնմխելիութենէ եւ ձերբակալուեցան, կը հաղորդէ «Կազեթէ Քարընճա» թերթը:
Ձերբակալուած երեսփոխաններն են` Էնիս Պերպերօղլու՝ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն, ինչպէս նաեւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն Լէյլա Կիւվեն եւ Մուսա Ֆարիսօղլու:
Ֆարիսօղլու ձերբակալուեցաւ Տիգրանակերտ-Ուրֆա ճամբուն վրայ, Կիւվեն՝ Տիգրանակերտի իր տան մէջ, իսկ Պերպերօղլու՝ Պոլսոյ մէջ:
Աղբիւրը քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններուն ձերբակալութիւնը կը կապէ սովորական դարձած քաղաքական հետապնդումներուն հետ․ անոնք կ՛ամբաստանուին Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող կազմակերպութիւններու հետ կապ ունենալու յանցանքով:
Նշենք, որ Պերպերօղլուն ձերբակալեցին «Ճումհուրիեթ» թերթին մէջ հրապարակած իր յօդուածներէն մէկուն համար: