ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Երգ մը կայ՝ շա՛տ կը սիրեմ: Մարուն 5ի «Յիշատակներ»ը: Երբ երգիչին անուշ ձայնը եւ բառերը տարածուին ինքնաշարժիս սահմաններէն ներս, անպայմա՛ն կը սուզուիմ յիշատակներուս մէջ եւ անոնք՝ ռուսական բազմաչափ պուպրիկներու պէս, իւրաքանչիւր տուփիկը միւսին ետեւէն՝ կը բացուին, իրենց մէջէն խուժել տալով շերտաւոր անցեալի պատառիկներ:
Ճեմարանի բակն ենք. Աղբալեանի եւ Շանթի կիսանդրիներուն շուրջ կը վազվզենք, տակաւին անգիտակից՝ իրենց մեծութեան ու արժէքին: Ահա Լորենցն է. կը հրէ զիս ու կը փախի. բուռիս մէջ ահագին հող՝ կը փորձեմ հասնիլ ետեւէն ու կը յաջողիմ…ձեռքիս աւազը սփռել մազերուն ու աչքերուն մէջ: Լորենցը տուն կը վազէ բարկացած: Անկէ ետք երկու շաբաթ չի խօսիր հետս. քէն ենք: Ճեմարանի պարտէզին բարտիներն ու բազմերանգ կանաչութիւնը յետնամասն են մանկական այդ կռիւին եւ այսօր ինծի կը թուի, թէ խաղն ու կանաչութիւնը շարժապատկերի մը մէկ աղուոր տեսարանը կը լուսարձակեն անցեալի պաստառին վրայ:
Ահա չարաճճի Արսէնը. Հայոց պատմութեան պահն է. պրն. Փամպուքեան լուրջ-լուրջ կը խօսի հռոմէացի պետական դէմք եւ փիլիսոփայ Կիկերոնի մասին, իսկ մեր Արսէնը՝ պատանիի յատուկ զուարթախոհութեամբ՝ «պիպերո՛ն»կը բացագանչէ. հազիւ սկսած ենք խնդալու, երբ կը հասնի ուսուցիչին հակահարուածը՝« պիպերոնը բերանդ դի՛ր». այս անգամ կը «մարինք» խնդալէն եւ այն օրէն ի վեր Կիկերոնն ու պիպերոնը իրենց առթած խնդուքով կը հետեւին մեզի…
Ահա Կարոն: Ամէն առտու կը շարուինք Ճեմարանի բակին մէջ եւ Առաւօտ Լուսոյ կ’երգենք: Կարոն ծուռ-ծուռ կը նայի ինծի. իրեն համար քաղաքի շփացած աղջիկ եմ, մինչ ինք ամէն առտու Պուրճ Համուտէն կը հասնի եւ ընկերային անարդարութիւններու մաղձը նայուածքին մէջ ամփոփած՝ վրաս կը թափէ…կարծես թէ ես ըլլամ յանցաւորը, կամ՝ քաղաքն ու Պուրճ Համուտը իրարմէ բաժնողը…
Այս տուփիկէն դուրս կ’ելլեն հինգ անուշիկ աղջիկներ. հինգն ալ՝ խօսքը մէկ ըրած՝ իրենց մամաներուն հիւսած կամ հիւսել տուած երկար եւ գեղեցիկ վերարկուները հագած՝ գրատախտակին առջեւն են. անոնք կը հետեւին նորոյթին եւ մեզի պէս տգէտներուն համար նորաձեւութեան ամսաթերթի դեր կը խաղան: Պրն. Մուշեղ, իրեն յատուկ թեթեւ քմծիծաղով եւ մատը ճաղատ գլխուն տանելով՝ կ’ըսէ. «Այս անուշիկ հարսնցուներէն ո՞ր մէկը պիտի պատմէ Զարթօնքի շրջանին նորութիւններուն մասին…»:
Տիկին Շողերը կը ցատկէ այլ տուփիկէ մը. իր խիստ դէմքէն անբաժան ակնոցները աչքերուն՝ կը զննէ մեր՝ աղջիկներուս փէշերուն երկայնքը. ծունկերուն կը հասնի՞ն, թէ անոնցմէ վեր են: Իսկ մենք կը փորձենք մեր փէշերը կարելի եղածին չափ վար քաշել, որպէսզի չըլլայ թէ տուն ղրկուինք…Ա՜խ , տիկի՛ն Շողեր, հիմա ի՛նչ պիտի ըսէիք եթէ տեսնէիք աշխարհի չորս ծագերու աշակերտներուն հագուածքը, կեցուածքը, խօսուածքը…մենք հրեշտակներ էինք Ճեմարանի ընդարձակ սրահներուն մէջ թեւածող…
Ահա հայերէնի լաւագո՛յն ուսուցիչներէս՝ պրն. Բատոյեանը: Լուրջ, բայց տաքուկ. խիստ, բայց քաջալեր. ի՛նք սիրցնել տուած է հայերէնը ինծի. ի՛նք ծանօթացուցած է Համաստեղի Չալոն ու Միջոն մեզի: Տուփիկին մէջ ծուարած են բոլոր ուղղագրութիւններն ու շարադրութիւնները. բոլոր գրաւորները՝ Ճեմարանի սովորական առօրեան ետ բերող: Հոն է պրն. Զէյթլեանը, որ ինծի սորվեցուցած է «Գէորգ»ը ճի՛շդ գրել: Ինչպէ՞ս ինքզինքիս թոյլ տուած էի «Գեւորգ Չաւուշ»ը եչով եւ յիւնով ներկայացնել… ուսուցիչիս մէկ նկատողութիւնը կեանքիս դասը տուած էր. ամէն անգամ որ Գէորգ գրեմ՝ զինք կը յիշեմ….
Իսկ հիմա մօրս դիմացն եմ ու գոց կը սորվիմ Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»ը: Կաղանդի հանդէսին պէտք է արտասանեմ զայն միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութեան դիմաց: Մայրս համբերութեամբ ու ժպիտով մտիկ կ’ընէ. երբեմն խորհուրդ կու տայ: Հարիւր անգամ արտասանելէ ետք անկողին կ’երթամ: Յաջորդ օրը հանդէսն է: Տնօրէնութեան գրասենեակին դիմացի մարմարեայ սալայատակով սրահն ենք. խուռներամ բազմութիւն մը կայ դիմացս. վերի կարգերու տղաք ու աղջիկներ կը սպասեն, որ սկսիմ: Եւ կը սկսիմ. «Եկեղեցին հայկական ծննդավա՛յրն է հոգւոյս…» ու կը կենամ՝ սահմռկած. մէկ անգամէն բոլոր տողերը անհետացած են մտքէս. չեմ գիտեր ի՛նչ կու գայ ետքը…անգամ մըն ալ կը կրկնեմ. «Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս» եւ երբ կրկին սրբուած տախտակին դիմաց կը գտնեմ ինքզինքս, արագավազ եղնիկի պէս դէպի ձախիս դուռը վազելով, զայն կը բանամ ու հեծկլտալով կը սլանամ ճերմակ աստիճաններէն վար: Պրն. Բանեան կը հասնի ետեւէս եւ հայրական ու մայրական մխիթարական բոլո՜ր խօսքերով ու միջոցներով կը փորձէ թեթեւցնել ցաւս: Ի՛նք, որ հինգ կամ վեց տարուան ծնողական սէր տեսած էր միայն, ինչպէ՞ս կրցած էր այդ օրը որբուկի իր տառապած սրտէն այդքա՜ն գուրգուրանք ցուցաբերել իր աշակերտուհիին…
Շոքոլան կը հալի, կը տարածուի բերնիս մէջ եւ ուղեղիս բջիջներուն պատգամներ ղրկել կը շարունակէ: Կը շնչեմ դպրոցի խոհանոցին նարինջի կեղեւի եւ պանիր-հացի ու վարունգի խառնուրդ հոտը: Կրկին կը համտեսեմ պրն. Տիգրանէն գնած սուսիս համը: Շաբաթականս քսանհինգ դահեկան էր այդ օրերուն եւ Երկուշաբթի առտու Թամարին հետ կը վազէի պրն. Տիգրանէն սուս գնելու: Ի՜նչ երջանկութիւն… յետոյ կ’երթայինք Ճեմարանի աստիճաններուն մօտ եւ կաւիճով գիծեր քաշելէ ետք՝ քար-քար կը խաղայինք: Մի՛շտ Թամարը կը յաղթէր: Շարժապատկերի այս տեսարանը պիտի կարենա՞յ փոխանցել հանապազօրեայ պարտութեան հետ համակերպումս: Հեռուներէն կը հասնին ձայներու արձագանգներ. « հիմա ի՞նչ ունինք». «թուաբանութիւն». «ծամօն կ’ուզե՞ս». «պրն. Յովհաննէսը ետեւդ է. ցած ձայնով խօսէ՛». «պատրա՞ստ ես գրաւորիդ».« անշո՛ւշտ ո՛չ. ձգէ՛ սորվիմ»: Ճեմարանի բակին մէջ աղջիկ-տղայ կը քալէին. ոմանք՝ գիրքերը բաց, գլուխները հակած անոնց վրայ, կը քալէին, մինչեւ որ…փա՛ֆ՝ զարնուէին ուրիշ կարդացողի մը եւ խնդալով հեռանային…
Ձայնե՜ր, ձայնե՜ր… հեռուներէն ծովափ հասնող ալիքներու խշշոց ձայներ. ձայներ ՝ մարած, բայց մի՛շտ ներկայ: «Այտահոյի գետնախնձորները շագանակի համ ունին» կ’ըսէր տիկ.Քիւրքճեանը. «աշխատա՛նք. աշխատա՛նք եւ աշխատա՛նք» կը կրկնէր Օրիորդ Երամեանը: Ուսուցիչները հաւաքուեր են ուսուցչարանի տուփերուն մէջ. Ո՞ր տուփը բանամ այսօր: Պրն. Շահինեանի՞նը. պէտք ալ չունիմ բանալու. ան բաց է մի՛շտ. Հայաստանահայ արձակագիրները պրն.Շահինեա՛նը ծանօթացուցած է մեզի. Նշան Փալանճեան Ճեմարանի գրասեղաններուն ետեւ նստած՝ Գէորգ Արշակեանի «Սեւ եւ Սպիտակ Կարապներ»ը, Զօրայր Խալափեանի «Որտե՞ղ էիր, Մարդ Աստծոյ»ն կամ Եդուարդ Աւագեանի «Մենք Ապրում ենք Կոնդում»ը կարդացած ենք շնորհի՛ւ իր լայնամտութեան եւ խորունկ գիտելիքներուն: Իսկ Յարութիւն Քիւրքճեանը դուռը բացած է Նիկողոս Սարաֆեանի գանձարանին: Եթէ ինք չըլլար, ինչպէ՞ս ծանօթացած պիտի ըլլայինք «Տեղատուութիւն ու Մակընթացութիւն» հատորին կամ՝ «Միջերկրական»ին: Ուսուցիչներն են, որ կը կերտեն աշակերտին միտքն ու կը զարգացնեն անոր գրական ճաշակը եւ քննական մտածողութիւնը: Որքա՜ն բախտաւոր եղած ենք հոյակա՛պ ուսուցիչներու հոյլ մը ունենալով Ճեմարանի յարկին տակ:
Մարուն 5ը կ’երգէ հին ժամանակներէ եւ ընկերներէ. կ’ըսէ թէ ամէն մարդ կենացը պէտք է խմէ ապրո՛ղ մարդոց, որոնք մեր շուրջն են ու մեր առօրեան ապրելի կը դարձնեն, բայց նաեւ այն ընկերներուն ու մարդոց, որոնք մաս կազմած են մեր կեանքին եւ սիրելի դարձուցած են զայն ու հիմա չկան:
Հին ժամանակներուն մաս կը կազմեն ոչ միայն այլ եզր անցած հարազատներս եւ ուսուցիչներս, բայց նաեւ սիրելի դասընկեր-դասընկերուհիներ, որոնք կեանքի ի՛նչ անհեթեթ տնօրինութեամբ մեզ շա՛տ կանուխ ձգած են եւ անցած՝ միւս կողմ:
Պարտէզիս մէջ հսկայ ծառ մը կայ. այնքա՛ն բարձր է, կարծես երկինքէն սահած է պարտէզ: Ես այդ ծառն ալ շա՛տ կը սիրեմ. երբ արեւոտ օրերուն դուրսը նստիմ ու երկա՜ր դիտեմ զեփիւռէն սրսփացող տերեւները, ինծի այնպէս կը թուի, թէ բոլո՛ր սիրելիներս հոն են. տերեւներով կազմուած տարածութեան մը վրայ նստած՝ կը զրուցեն, թէ՛ իրարու հետ, թէ՛ ինծի: Հոն են ծնողքս եւ այլ հարազատներ եւ ընկերներ՝ բոլորն ալ Ճեմարանաւարտ. հոն են Աղբալեանն ու Շանթը, պրն. Մուշեղն ու պրն. Բանեանը. պրն. Վրացեանն ու պրն.Տասնապետեանը. հոն են տիկ. Եոլանտն ու պրն. Շահինեանը. պրն. Բատոյեանն ու տիկ. Քիւրքճեանը եւ դեռ շա՜տ ուրիշներ: Կը նային վերէն. կը ժպտին ինծի ու կ’ըսեն.
Շոքոլադ բոլորի՛ն բաժնէ՛ եւ բոլորէն խնդրէ՛, որ պահեն Ճեմարանը եւ գուրգուրան անոր վրայ.
Որպէսզի շարունակուի անժամանակ եւ անհատնում շարժապատկերը յիշատակ- դրուագներու.
Որպէսզի հաստա՛տ մնայ հայ լեզու եւ գրականութիւն, հայոց Պատմութիւն եւ հայու ինքնութիւն փոխանցող մեր ամրո՛ցը:
Ճեմարանի Նուիրահաւաքին մասնակցելու համար սեղմել հետեւեալ կապը՝ www.djemaran.edu.lb/donate