ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Մինչ Միացեալ Նահանգներու տարածքին կեանքը բնականոն հունի մէջ դնելու աստիճանական ջանքերը կը շարունակուին, «Քորոնա» ժահրով վարակուողներուն թիւը կը շարունակէ աճ արձանագրել 19 նահանգներու մէջ, իսկ 7 նահագներու մէջ կացութիւնը կայունացած կը թուի ըլլալ։ Մնացեալ 24 նահագներուն պարագային , վարակումներուն թիւը արդէն իսկ սկսած է նահանջ արձանագրել։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 9 Յունիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 56 քաղաքացիներ մահացած են գաւառին տարածքին եւ արձանագրուած են վարակման 1225 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 65,822 վարակումներ եւ 2707 մահեր։ Քննութիւններուն թիւը հասած է 720,000ի, որոնց 8 տոկոսը վարակակիր եղած է։
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 137,000ի եւ արձանագրուած են 4772 մահեր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 2․05 միլիոն եւ 114,407 են։
Միացեալ Նահանգներէն ետք վարակակիրներու մեծագոյն թիւը ունեցող Պրազիլի մէջ վարակումներու արագ աճը կը շարունակուի եւ հասած է 747,561ի, իսկ մահերուն թիւը՝ 38,701ի։ Վարակակիրներու արագ աճ կ՛արձանագրուի նաեւ Հնդկաստանի մէջ, ուր ներկայիս կան 286,532 վարակուածներ։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 7.4 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը կը մօտենայ 415,000ի։ Ապաքինած են մօտաւորապէս 3․64 միլիոն վարակուածներ։