31 Մայիսին տեղի ունեցաւ հեղինակ Վահան Զանոյեանի անգլերէն նոր հատորին՝ «Waking Noah՛s Vines» («Նոյի Որթատունկերուն Զարթնեցում») առցանք քննարկումը, կազմակերպութեամբ Սիլիքոն հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին։
Հատորը երեւակայական պատմութիւն մըն է, որ կը հիւսուի Հայաստանի մէջ գինեգործութան 6000ամեայ աւանդութիւնը վերկանգնելու յոյսերով աշխարհի զանազան անկիւններէ եկած խումբ մը հայ եւ օտար գինեգործներու, մասնագէտներու, առետրականներու եւ անոնց հետ կապակցուած ոճիրի մը ծալքերը բացայայտելուն շուրջ։
Ներկայացման բացումը կատարեց Սիլիքոն հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ դոկտ. Քենկօ Սողոյեան, իսկ համակարգողն էր՝ Րաֆֆի Քասարճեան։
Հեղինակը խօսեցաւ գիրքին եւ Հայաստանի մէջ գինեգործութեան կարելիութիւններուն եւ երկրին տարբեր տեսակի գինիներու եւ խաղողի տեսականիին մասին։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Հայաստանի գինեգործութեան քանի մը ներկայացուցիչներ։
Ներկայացումը աւարտեցաւ Սիլիքոն հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Թոմաս Շէնեանի փակման խօսքով։
Բանաստեղծ եւ արձակագիր Վահան Զանոյեան հանգստեան կոչուած ուժանիւթի մասնագէտ մըն է, որ իր գիրքերուն միջոցաւ լուսարձակի տակ առած է Հայաստանի մէջ մարմնավաճառութեան եւ մարդոց մաքսանենգութեան հարցերը։ Անոր հրատարակած հատորներէն են՝ «Վերադարձ», «Եզրէն Դուրս» եւ «Հեռաւոր Մի Տեղ»։