ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թրքական լրատուամիջոցներ կը գրեն, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի պետական «Պոթաշ» ընկերութիւնը Նախիջեւանի կազատարի կառուցման մրցոյթ յայտարարած է:
Մրցոյթին մասնակցելու համար դիմումները պիտի ընդունուին մինչեւ այս տարուան 30 Յունիսը: Խողովակաշարին ընդհանուր երկարութիւնը 82 քլմ. է: Մրցոյթին յաղթողը շինարարութիւնը 270 օրուան ընթացքին պէտք է աւարտէ:
Նշենք, որ այս կազատարին կառուցման մասին համաձայնագիրը ստորագրուած էր 2010ին:
Նախիջեւան ներկայիս կազի իր կարիքները կը բաւարարէ Իրանէն ներածուած կազով։