ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ»․- Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս խոստովանաւ, որ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ լուրջ բարդութիւններ կան: «Մենք սերտ գործընկերներ ենք ՆԱԹՕի ծիրին մէջ: Սակայն Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւնները բարդ են», ընդգծեց նախարարը:
Ըստ անոր՝ երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելիով վնասուած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով։
Մասս մեկնաբանեց Գերմանիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման վերաբերեալ Ուաշինկթընի ծրագիրները: «Եթէ ամերիկեան զօրքերը մասնակիօրէն հեռանան, մենք զայն առ ի գիտութիւն պիտի ընդունինք: Մենք կը գնահատենք Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերուն հետ տասնամեակներու համագործակցութիւնը: Անիկա կը բխի մեր երկու երկիրներու շահերէն», ընդգծեց Մաաս: