«Անհրաժեշտ Է Ներազգային Համերաշխութեամբ Ճգնաժամին Յաղթահարումը՝ Նոր Որակի Իշխանութեան Ձեւաւորումով»
Yerkir.am-ի հարցերին պատասխանում է ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ ՏԷր Խաչատուրեանը:
«ԵՐԿԻՐ».- Ինչպէ՞ս էք գնահատում համավարակի դէմ պայքարի այսօրուայ վիճակը:
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.– Այդ մասին Հայաստանի մեր կազմակերպութիւնը արդէն տուած է իր գնահատականը հիմնուած իրավիճակի բազմակողմանի վերլուծումներու եւ մասնագիտական տեսակէտներու համադրման վրայ: Համաճարակը անշուշտ համաշխարհային փորձութիւն է` ժողովուրդներու եւ պետութիւններու համար: Ոչ մէկ երկիր, ոչ մէկ կառավարութիւն լիարժէք պատրաստ էր այդ ծաւալի առողջապահական, տնտեսական, մարդկային, հոգեբանական, անվտանգութեան եւ այլ խնդիրներ դիմակայելու համար: Բայց պետական հաստատութիւններու, կառավարութեան կազմակերպած աշխատանքն է, որ պարտ էր հնարաւոր դարձնել արագ արձագանգելը, համարժէք լուծումներ գտնելը, նախ` կասեցնելով վարակին յետագայ տարածումը, ապա` անոր դէմ արդիւնաբեր պայքար շղթայազերծելով: Դժբախտաբար, ճիշդ այս առումով Հայաստանի կառավարութիւնը թույլ տուաւ լուրջ սխալներ, որոնց հետեւանքով է նաեւ այսօրուան մտահոգիչ ու վտանգաւոր իրավիճակը: Տակաւին կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը կը դրսեւորէ պետական մտածողութիւն ու անկէ բխող գործելաոճ: Հակառակ պարագային կ՛ունենանք անդառնալի կորուստներ, որոնց ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Ազգային ժողովին մեծամասնութիւնը, Հայաստանի կառավարութիւնը, անձամբ`վարչապետը:
«ԵՐԿԻՐ».- Բայց ամիսներ առաջ ահազանգում էին մասնագէտները, քաղաքական ուժերը եւ կառավարութեան անյետաձգելի միջոցառումների առաջարկներ ու համապարփակ ծրագրեր էին ներկայացնում:
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ճիշդ էք: Բազմաթիւ առաջարկներ ներկայացուած էին ՀՅԴի, այլ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ մասնագէտներու կողմէ, իշխանութիւնը պարզապէս անտեսեց, իսկ երբ շարունակական պնդումներէ ետք փորձ եղաւ մասնակիօրէն նկատի առնել կամ ալ կիսատ-պռատ արձագանգել` արդէն ուշ էր: Արդիւնքը եղաւ այն, որ կառավարութիւնը ինքնզինք զրկեց համաճարակի դեմ պայքարին առնչութեամբ մասնագիտական աջակցութիւնէ: Հակառակ այս մթնոլորտին, ՀՅԴ Բիւրօն համայն հայութիւնը մղեց հասնելու Հայաստանի օժանդակութեան. իր շարքերով, մարմիններով, ուղեկից կառոյցներով (ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, Համազգային), երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններով առաջին օրերէն իսկ անցաւ աշխատանքի, կատարեց առաքումներ եւ հաստատեց ծրագիրներ եւ այսօր ալ կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը հասնելու Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի կարիքներուն: Բնականաբար կ՛ակնկալէինք, որ համահայկական պատրաստակամութեան պատեհ առիթը օգտագործելով՝ համախումբ մթնոլորտով, միասնական ճակատով եւ համայն ազգին միջոցներով կարենանք պայքարիլ համաճարակին դէմ: Նման համախմբման նախաձեռնողը իշխանութիւնը ինք պէտք էր հանդիսանար՝ խորհրդակցութեան հրաւիրելով բոլոր քաղաքական ոյժերը, որպէսզի համախոհութեամբ դիմագրաւուին ճգնաժամին մարտահրաւէրները: Իշխանութիւնը պարտ էր յայտնաբերել քաղաքական կամք՝ ամէն տարակարծութիւն մէկդի դնելով՝ բոլորը համախմբելու, միասնական ծրագիրներ մշակելու եւ զանոնք համախոհութեամբ իրագործելու: Սակայն, ճգնաժամի այս օրերուն, իշխանութիւնը չմնաց իր առաքելութեան բարձրութեան վրայ:
Իշխանութիւնը ոչ միայն այդ չնախաձեռնեց, այլ նոյնիսկ այս իրավիճակին մէջ կատարեց պառակտիչ յայտարարութիւններ եւ այլընտրանքային տեսակէտներու հանդէպ անհանդուրժողականութեան դրսեւորումներ:
Խորհուրդներուն անսալու, օգնութեան համար երկարած ձեռքը բռնելու, ձախող ընթացքէն հրաժարելու եւ սեփական սխալները սրբագրելու փոխարէն՝ անընդհատ փորձեց մեղաւորներ փնտռել։ Եւ դարձեալ ականատես եղանք իշխանութեան կողմէ գռեհիկ ոճով ներքին թշնամիներ որոնելու եւ բաժանարար գիծեր ստեղծելու քաղաքականութեան: Իսկ վերջին զարգացումները արդէն կը վկայեն ընդդիմութիւնը լռեցնելու նպատակով գործադրուող բռնաճնշումներուն մասին։
«ԵՐԿԻՐ».- Նկատի ունէք վարչապետի ելոյթի որակումնե՞րը ՀՅԴ մասին:
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ոչ միայն: Այսօր, իշխանութեան տեսակէտէն տարբեր խօսքի հանդէպ անհանդուրժողական վերաբերմունքը համատարած է: Իսկ ինչ կը վերաբերի վարչապետի այդ ելոյթին՝ հոն հնչած արտայայտութիւնները թէ՛ բովանդակութեամբ, թէ՛ ձեւով, թէ՛ օգտագործուած բառապաշարով յարիր չէին պետութեան առաջնորդին, քաղաքական ղեկավարին: Բովանդակային քննադատութեան եւ յստակ առաջարկներուն նման ձեւաչափով պատասխանելը ոչ միայն քաղաքական սխալ է, այլեւ լրջագոյն հիմնահարցեր դիմակայող հասարակութիւնը թուլացնող քայլ, անթոյլատրելի, անընդունելի, վտանգաւոր քայլ: Ըստ երեւոյթին, վարչապետը չէ հասկցած կամ ալ դիտմամբ կը թերագնահատէ Դաշնակցութեան էութիւնը, ոյժը, կամքն ու ոգին։
«ԵՐԿԻՐ».- Ստեղծուած իրավիճակում ինչպէս էք պատկերացնում ելքը։
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Նկատի ունենալով ստեղծուած իրավիճակը, առաջնահերթ նպատակը պէտք է ըլլայ ներազգային համերաշխութեամբ ճգնաժամի յաղթահարումը եւ ազգային ուղեգիծին համապատասխան երկրին անվտանգ զարգացման ապահովումը։ Իսկ այս բոլորը կ՛ենթադրեն նոր որակի իշխանութեան ձեւաւորում։