ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Լիբանանի մէջ, յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութը եւ հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլի, ապահովական լուրջ խախտումներով լեցուն շաբաթավերջ մը անցուցին:
Երէկ երեկոյեան, մեծ թիւով ցուցարարներ ուղղուեցան կեդրոնական Պէյրութ, ուր դատապարտեցին երկրին կառավարման համայնքային դրութիւնը:
Ցուցարարները բարձրացուցին լիբանանեան դրօշներ եւ պաստառներ, որոնք կոչ ուղղեցին` տապալելու զեղծարար համակարգը՝ իր բոլոր ճիւղաւորումներով:
Ցոյցին ընթացքին կեդրոնական Պէյրութի մէջ ներկայութիւն էին մեծ թիւով ապահովութեան ուժեր:
Աւելի ուշ, ցուցարարներու եւ կարգ մը երիտասարդներու միջեւ տեղի ունեցան բախումներ, իսկ թէ՛ Պէյրութի եւ թէ Թրիփոլիի մէջ, որոշ ցուցարարներ նաեւ բռնարարքներու դիմեցին, նիւթական մեծ վնասներ պատճառելով։