ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց կրօնական ազատութիւններու վերաբերեալ տարեկան զեկուցումը, որուն մէջ դարձեալ ուշադրութիւն կը հրաւիրուի Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւններուն վրայ:
Զեկուցումին մէջ տեղ գտած է Պոլսոյ Հայոց 85րդ պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանի ընտրութեան հոլովոյթին մէջ պետական միջամտութիւնը, որուն մասին կ՛ահազանգէին պոլսահայ գործիչները: Հոն կը շեշտուի, որ պետութեան միջամտութիւնը խաթարեց ընտրութեան օրինականութիւնը:
Բացի այդ, մտահոգիչ կը նկատուին նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւններու, մասնաւորաբար յոյներու եւ հայերու կրթական հաստատութիւններուն դէմ դրուած դժուարութիւնները։
Զեկուցումը կ՛անդրադառնայ նաեւ վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին քննարկուող Ս. Սոֆիա տաճարը դարձեալ մզկիթի վերածելու հարցին, որ դժգոհութիւններ յառաջացուցած է:
Զեկուցումը նաեւ կը յիշեցնէ անցեալ տարի պատահած՝ թրքական «Էյ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի ընկերութեան կայանէն կրօնական գործիչի մը կողմէ Արթուր անունով 13 տարեկան հայ պատանիին՝ ուղիղ պատկերասփռումով կրօնափոխութեան ցաւալի դէպքը: