ՊԵՐԼԻՆ․- Գերմանիա ապրող խումբ մը ատրպէյճանցի քաղաքական ապաստանեալներ բողոքի ցոյց կատարեցին Պերլինի մէջ` Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի նստավայրին դիմաց: Ցոյցը կազմակերպուած էր՝ իբրեւ բողոք Պաքուի Եասամալի շրջանին մէջ ոստիկանութեան յատուկ գործողութիւններուն դէմ, կը գրէ ատրպէյճանական ընդդիմադիր «Մէյտան Թի.Վի.»ի կայքը:
Ցոյցին մասնակցողները պահանջեցին, որ ոստիկանական գործողութիւնը կազմակերպած բոլոր անձերը` ներքին գործոց նախարարին գլխաւորութեամբ՝ պատժուին:
Ցոյցին ընթացքին ատրպէյճանցի այլախոհ լրագրող Աֆղան Մուխթարլը Գերմանիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեց` «վերատեսութեան ենթարկելու իր դիրքորոշումը բռնակալներու նկատմամբ»:
«Եւրոպական Միութիւնը պէտք չէ անտարբեր ըլլայ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող հակաժողովրդավարական գործողութիւններուն եւ ապօրինի ձերբակալութիւններուն նկատմամբ», ըսաւ Մուխթարլը:
Նման բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ նաեւ Պերլինի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց: