ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Հրանդ Տինքի կնոջ՝ Ռաքէլ Տինքին եւ «Հրանդ Տինք» հիմնրակի իրաւաբանին անցեալ ամիս ուղարկուած սպանութեան սպառնալիք պարունակող նամակներուն գործով, Պոլսոյ հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւնը պաշտօնապէս հետաքննութիւն սկսած էր։
Դատախազութեան կողմէ իրականացած քննութեան իբրեւ արդիւնք կազմուած մեղադրական եզրակացութեան մէջ, կասկածելիներէն մէկուն համար կը պահանջուի 7․5էն– 26 տարուան բանտարկութիւն։ Ան կը մեղադրուի «շղթայաբար չստորագրուած նամակի կամ յատուկ նշաններու միջոցով սպառնալիք հնչեցնելու» յօդուածին հիման վրայ։
2րդ կասկածելին եւս կը մեղադրուի վերոյիշեալ յօդուածին հիման վրայ։ Անոր նկատմամբ պահանջուած է 2․5էն 8․5 տարի բանտարկութիւն։