ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը հանդէս պիտի գայ Սահմանադրական դատարան դիմելու եւ Ազգային ժողովին մէջ քննիչ յանձաժողով կազմելու նախաձեռնութիւններով: 17 Յունիսին այս մասին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իւետա Տօնոյեան:
Ըստ անոր` նախաձեռնութիւններէն առաջինը կը վերաբերի «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի աշխատանքներու կազմակերպման հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի կազմութեան: «Երկրորդը վերաբերում է արտակարգ դրութեան պայմաններում հաւաքների կազմակերպման հետ կապուած որոշման իրաւաչափութիւնը Սահմանադրական դատարանում վիճարկելուն, որի վերաբերեալ դիմելու ենք նաեւ «Լուսաւոր Հայաստան» (ԼՀԿ) խմբակցութեան` միանալու մեզ, որպէսզի անհրաժեշտ թուով ստորագրութիւններ ապահովուեն», դիտել տուաւ Տօնոյեան:
««Բարգաւաճ Հայաստան»ը 25 պատգամաւոր ունի, սակայն Սահմանադրական դատարան դիմելու համար հարկաւոր է 27 պատգամաւորի ստորագրութիւն, իսկ քննիչ յանձնաժողով ստեղծելու համար` 33: Սա նշանակում է, որ ԼՀԿի ձայները անհրաժեշտ կը լինեն` այս նախաձեռնութիւնները կեանքի կոչելու համար», նշեց Տօնոյեան:
«Լուսաւոր Հայաստան»ը, սակայն, հանդէս կու գայ պատասխան առաջարկով: ԼՀԿի նախագահ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Էդմոն Մարուքեան նշեց, որ ՍԴ դիմելէ առաջ ընդդիմադիր ուժերը կրնան նախաձեռնել արտակարգ դրութեան իրաւական կարգավիճակի որեւէ միջոցառում անվաւեր ճանչնալու: Նման նախաձեռնութիւն, ըստ պատգամաւորին, չէ կատարուած Ազգային ժողովին մէջ, ուրեմն ինք կ՛առաջարկէ ստորագրութիւններով նիստի հրաւիրել եւ այդ հարցը դնել: «Եթէ ԲՀԿն ցանկանայ, մենք կարող ենք դա անել», յայտնեց Մարուքեան:
Ան չբացառեց Սահմանադրական դատարան դիմելու նախաձեռնութեան միանալու հնարաւորութիւնը, սակայն նշեալ գործիքակազմի կիրառումէն ու սպառումէն ետք:
Իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը «գերազանց» կը նկատէ ԲՀԿի այդ երկու նախաձեռնութիւնները: ԱԺ փոխխօսնակ Ալեն Սիմոնեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ քննիչ յանձնաժողով կազմելու պարագային կարելի պիտի ըլլայ քննել նաեւ այն լուրերը, որոնք կը տարածուին «Բարգաւաճ Հայաստան»ի մօտիկ խումբերուն կողմէ՝ իբր թէ «Քորոնա» գոյութիւն չունի, իսկ դիմակ կրել ընդհանրապէս պէտք չէ: «Մենք պէտք է ուսումնասիրենք եւ հասկանանք` այդ լուրերն արդեօք միտումնաւո՞ր են տարածւում, ի՞նչ նպատակ են դրանք հետապնդում: Դրանց նպատակը ՀՀ ազգային անվտանգութեանը վնասե՞լն է, թէ այլ քաղաքական նպատակներ կան», դիտել տուաւ Սիմոնեան՝ շեշտելով, որ Սահմանադրական դատարան դիմելը կը յստակացնէ այդ քաղաքական ուժերուն դիրքորոշումները:
Նոյն ժամանակ ան նկատել տուաւ, որ մինչ այդ կրնայ դատաւորներու կազմը փոփոխութեան ենթարկուիլ։