Թագուհի (Տէիրմէնճեան ) Պաղչէճեան
(Ծնեալ՝ 26 Հոկտ. 1947ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ
հարազատին՝ Թագուհի Պաղչէճեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 16
Յունիս 2020ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2020ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ ժամը 11:15ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Յակոբ Պաղչէճեան
Դուստրը՝ դոկտ. Սիւզի եւ Րաֆֆի Օհանեան եւ զաւակները՝ Արամ եւ Շանթ
Զաւակը՝ Վիգէն Պաղչէճեան
Քոյրը՝ Մարի Ճապուրեան եւ զաւակները
Քոյրը՝ Սիլվա եւ Ռոպէր Խուրի եւ ընտանիք
Քոյրը՝ Սօսի եւ Հայսամ Հատտատ եւ զաւակները
Մօրաքոյրը՝ Նոյեմի Խաչերեան եւ զաւակները
Խնամին՝ Խաչիկ եւ Ատրինէ Օհանեան եւ զաւակները
Եւ համայն Տէիրմէնճեան,Պաղչէճեան, Օհանեան, Ճապուրեան, Խուրի, Հատտատ, Խաչերեան, Մարաշլեան, Գարայեան, Գարագաշեան եւ Պապիկեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութինները կը խնդրուի կատարել Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի «Թագուհի Պաղչէճեան» Կրթական Հիմնադրամին։
ԹԱԳՈՒՀԻ (ՏԷԻՐՄԷՆՃԵԱՆ) ՊԱՂՉԷՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի դստեր՝ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամ դոկտ․ Սիւզի Օհանեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԹԱԳՈՒՀԻ (ՏԷԻՐՄԷՆՃԵԱՆ) ՊԱՂՉԷՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀOՄի Լոռի մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի դստեր՝ մասնաճիւղի վարչութեան անդամներէն դոկտ. Սիւզի Օհանեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։