ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Ազգային Բարերար Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեան Ամոլը Մէկ Միլիոն Տոլար Կը Յատկացնեն Լիբանանի Հայ Համայնքի Կարիքաւորներուն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը խոր գոհունակութեամբ եւ ջերմ շնորհակալութեամբ կը յայտարարէ, թէ Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան 25ամեակին առիթով, ազգային բարերարներ՝ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ, վեհափառին հետ խորհրդակցաբար, եւ նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը՝ մէկ միլիոն տոլար պիտի յատկացնեն՝ իբրեւ օժանդակութիւն Լիբանանի հայ համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն: Յայտնենք, որ անցնող երկու ամիսներուն, տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան 350 միլիոն լ.ո. յատկացուցած էին նոյն նպատակին համար:
Վեհափառ հայրապետին հովանաւորութիւնը եւ oրհնութիւնը վայելող սոյն ծրագիրը պիտի իրագործուի Ազգային առաջնորդարանին կողմէ կազմուած յատուկ յանձնախումբի մը ճամբով:
Ծրագիրը պիտի տարածուի հինգ ամիսներու վրայ (Յուլիսէն Նոյեմբեր 2020): Իւրաքանչիւր ամիս երեք հազար ընտանիքներ պիտի օգտուին ծրագիրէն: Յառաջիկայ օրերուն Ազգային առաջնորդարանը այս գծով անհրաժեշտ տեղեկութիւնները պիտի տայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Մեծայարգ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները մեր Ս. Աթոռին հաւատարիմ բարեկամները եւ նուիրեալ բարերարներն են: Արդարեւ, անոնց կատարած իշխանական բարերարութիւնները Անթիլիասի Մայրավանքին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին եւ «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Դպրեվանքին, Հայ Դատին եւ Լիբանանի հայութեան զանազան ծրագիրներու՝ պերճախօս վկայութիւններ են իրենց հայու ազնուական ոգիին, խոր հաւատքին ու անշեղ հաւատարմութեան:
ԴԻՒԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ