ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի պետական համալսարանը եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւնը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕն յայտարարեց Ցեղասպանութեան եւ այլ զանգուածային ոճրագործութիւններու կանխարգիլման եւ կրթութեան ԵՈՒՆԵՍՔՕի ամպիոնի հիմնադրութեան մասին:
Ըստ Երեւանի պետական համալսարանի հաղորդագրութեան՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕն ամէն տարի մրցութային կարգով կ՛ընտրէ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ամպիոններու հիմնադրման վերաբերեալ որոշ թիւով նախագիծեր, որոնք կը գործեն ԵՈՒՆԵՍՔՕի հովանիին տակ՝ անոր հռչակած առաջնահերթութիւններուն համահունչ:
ԵՊՀին մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕի ամպիոնի հիմնադրութիւնը այն շարունակական աշխատանքի գնահատականն է, որ իրականացած է վերջին տարիներուն ԵՊՀի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի ցեղասպանագիտութեան բաժինին մէջ՝ կազմակերպուած գիտաժողովները, սեմինարները, քննարկումները, բաց դասախօսութիւնները, տեղեկատուութիւնը հանրայնացնելու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիրը: Իսկ ԵՈՒՆԵՍՔՕի համար ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ կրթութիւնը առաջնային նշանակէտերէն է:
Ցեղասպանութեան եւ այլ զանգուածային ոճրագործութիւններու կանխարգիլման եւ կրթութեան ԵՈՒՆԵՍՔՕի ամպիոնի բացումը ազդարարուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հեռավար դասախօսութիւն-հանդիպումով, որուն մասնակցեցան Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի ցեղասպանագիտութեան բաժինի եւ Հայաստանի մէջ Ամերիկեան համալսարանի ուսանողները եւ շրջանաւարտները:
Մնացականեան դասախօսեց «Հայաստանը եւ ցեղասպանութիւնների կանխարգելման քաղաքականութիւնը» նիւթով։
Այս ամպիոնի ղեկավարն է Սուրէն Մանուկեան, որ 2017էն ի վեր կը ղեկավարէ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի ցեղասպանագիտութեան բաժինը, ինչպէս նաեւ 2018ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի համեմատական ցեղասպանագիտութեան բաժինը: 2007էն 2018 եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէնը:
Ս. Մանուկեան նշեց, որ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ամպիոնին հիմնական նպատակն է ցեղասպանագիտական կրթութեան խթանումը Հայաստանի մէջ՝ թէ՛ համալսարանական, թէ՛ ոչ-պաշտօնական մակարդակներու վրայ: «Տեղեկատուական արշաւների, հրապարակումների, սեմինարների եւ աշխատաժողովների միջոցով ամբիոնը նպատակ ունի հասնելու ցեղասպանութիւն երեւոյթի վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացմանն ամբողջ աշխարհում, ինչը կը նպաստի ցեղասպանութիւնների դատապարտմանը եւ կանխարգելմանն ուղղուած միջազգային քաղաքականութեանը», յայտնեց Մանուկեան։