ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 24 Յունիսին տեղի ունեցաւ «Բարգաւաճ Հայաստան», «Հայրենիք» կուսակցութիւններու նախագահներուն եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական իրավիճակը եւ երկրին մէջ սահմանադրական կարգի վերականգնման ուղիները։
Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ՝ ստեղծելու երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն բաղկացած աշխատանքային խումբ մը, որ լայն համախմբում ապահովելու նպատակով՝ պիտի մշակէ միացեալ գործողութիւններու ծրագիր եւ ճամբու քարտէս ու պիտի համադրէ ձեռնարկուող քայլերը։
Հանրութեան պարբերաբար տեղեկատուութիւն պիտի տրամադրուի միացեալ աշխատանքային խումբին տուած որոշումներուն մասին։