ԿԱՐԱՊԵՏ ՔՐԻՒՄԵԱՆ
ՀանգուցեալԿարապետ Քրիւմեանին մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, Յուլիս 5, 2020ին, Վեն Նայսի Ս. Պետրոս Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, 17231 Sherman Way, Van Nuys, CA 91406 յաւարտ Ս. Պատարագի։
Սգակիրներ՝
Այրին` Ալիս Քրիւմեան
Զաւակները` Սեւան Քրիւմեան եւ զաւակը` Հայկ
Նարեկ Քրիւմեան եւ զաւակները` Մայքլ եւ Ալէքսանտր
Տոքթ. Ռազմիկ եւ Նիքոլ Քրիւմեան եւ զաւակները` Թալին, Նայիրի, Լոռի եւ Արմէն
Հարազատները՝ Յարութիւն եւ Արշօ Քրիւմեան եւ ընտանիք
Արսէն եւ Վիլմա Գույումճեան եւ ընտանիք
Ներսէս եւ Ռիթա Տուզճեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Քիւրիւմլեան, Աճոյեան եւ Ալթունճի ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
ԿԱՐԱՊԵՏ ՔՐԻՒՄԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, հանգուցեալի ընտանիքը իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, գրութեամբ, հեռաձայնելով, ծաղկեպսակ ուղարկելով կամ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութեամբ մասնակից եղան իրենց սուգին։
ԿԱՐԱՊԵՏ ՔՐԻՒՄԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, փոխան ծաղկեպսակի «Ասպարէզ»ին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները, որոնց համար խմբագրութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ.
Alice Krumian
Razmik & Nicole Krumian
Anahid Tchaghatzbanian
Antranik & Marie Yacoubian
Mr. & Mrs. Vahe Demirdjian
Nerses & Rita Douzdjian
Ourfalian and Ourfalian
Rafi and Nora Kazorian
Yeranouhi Garabedian
Maureen and Christopher Najarian
Kegham Avedissian
Նաեւ Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Լոս Անճելըսի Շրջանաւարտİերու Ընկերակցութեան կատարուած է հետեւեալ նուիրատուութիւնը.
Alice Krumian
Կարօ Քրիւմեանի Կենսագրութիւնը
Հաւաքուած ենք՝ մեր վերջին յարգանքը տալու հայութեան հաւատարիմ եւ լուռ ու մունջ, երախտաւոր զաւակներէն՝ Կարօ Քրիւմեանի, որ շաբաթ մը առաջ անակնկալօրէն հրաժեշտ տուաւ բոլորիս՝ փակելով մօտաւորապէս 9 տասնամեակներու վրայ կերտուած կեանքի «տաֆթար»ը, որուն գլխաւոր խորագիրները եղան տքնաջան եւ աննահանջ աշխատանք, նուիրում ընտանիքին ու հարազատներուն, ծառայութիւն հայկական միութիւններու եւ ժողովուրդին, գուրգուրանք եւ հոգածութիւն կեանքի ընկերուհիին՝ տիկնոջ, զաւակներուն, թոռներուն եւ հարազատներուն ու բարեկամներուն: Կարելի է յիշել նաեւ բազմաթիւ այլ խորագիրներ, ինչպէս՝ սէր ու պաշտամունք հայութեան մշակոյթին, յարգանք հայ եկեղեցւոյ եւ տոհմիկ արժէքներու, հաւատարմութիւն «Առողջ միտք՝ առողջ մարմինի մէջ» սկզբունքին, ընթերցասիրութիւն եւ ինքնազարգացման ու ինքնակերտումի անընդհատ մրցում՝ ինքն իրեն հետ, եւ դեռ՝ շատ ու շատ բաներ:
Կարօ Քրիւմեան ծնած է Հալէպի Նոր Գիւղ հայկական աւանին մէջ, 1932ին: Կրտսեր որդին է Նազար եւ Ովսաննա Քրիւմեան ամոլին, որ Ցեղասպանութենէն փրկուած սերունդէն էր, եւ հայկական Այնթապի վերջնական պարպումէն ետք հաստատուած էր Հալէպ: Կարօն ունէր երկու քոյրեր եւ եղբայր մը: Աշակերտած է այնթապցիներուն հաստատած երկու նախակրթարաններուն՝ Զաւարեանի եւ Կրթասիրացին մէջ: Հակառակ ուսումը շարունակելու փափաքին, հարկադրուած է աշխատանքի մտնելու հօրը մօտ: Հայրը վարպետ զինագործ էր, ու պատանի Կարօն շուտով հմտացած է այս արհեստին մէջ: Հմտանալը եւ հնարամտութիւնը, հայո՛ւ հնարամտութիւնը իր կարեւոր արժանիքներէն էին, եւ անոնց հաւատարիմ մնաց կեանքի բոլոր օրերուն, բոլոր ասպարէզներուն մէջ:
Սուրիոյ մէջ 1958ին հաստատուած նոր օրէնքներու պատճառով պարտաւորուեցաւ վերջ տալ զինագործութեան ու զինական գոյքերու առեւտուրին եւ անցաւ ներկի առեւտուրի աշխարհը:
1961ին, գտաւ իր կեանքի ընկերը՝ Ալիս Անտոնեանը, որուն հետ կազմեց հայկական տոհմիկ ընտանիք մը: Յաջորդ քանի մը տարիներուն, ընտանիքը աճեցաւ. Քրիւմեան ամոլը բառին ամբողջական իմաստով բախտաւորուեցաւ երեք ժառանգորդներով՝ դուստրը՝ Սեւանը, եւ զաւակները՝ Նարեկն ու Ռազմիկը, որոնք աճեցան հայութիւն բուրող յարկին տակ, վայելեցին իրենց հօր ու մօր բոլորանուէր հոգածութիւնը եւ քաջալերանքը՝ կեանքի յետագայ փուլերուն, իրենց ընտրած ասպարէզներուն մէջ:
Կարօն եթէ կանուխ հասակէն նետուած էր գործի ասպարէզ, օժանդակելու համար հօրը, ապա, ապահովելու նորակազմ ընտանիքին ապրուստն ու բարօրութիւնը, երբեք չմոռցաւ, որ ուսումնատենչ էր նաեւ ի՛նք: Այս յատկութեան շնորհիւ, ան քաջալեր հանդիսացաւ երիտասարդ տիկնոջ, որպէսզի 1966ին անցնի Պէյրութ եւ քանի մը տարի հետեւի Ամերիկեան համալսարանի դասընթացքներուն: Ընտանիքը 1968ին որոշեց հաստատուիլ Պէյրութ, ուր աշխատանքի աւելի լայն հորիզոններ պարզուեցան Կարոյին դիմաց: Նախ բնակութիւն հաստատեց Նահր Մոթ շրջանին, իսկ կարճ ատեն ետք Անթիլիասի մէջ: Ներկի առեւտուրը զարգացում ապրեցաւ եւ ան մուտք գործեց ճարտարարուեստի ասպարէզը, հաստատեց ներկի արտադրութեան գործարան, տարուէ տարի, անխոնջ աշխատանքով ընդարձակեց գործն ու գործատունը: Մի՛շտ ինքնաշխատութեամբ՝ տիրացաւ ասպարէզի գաղտնիքներուն, դարձաւ Լիբանանի փնտռուած արտադրիչներէն մէկը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը բազմատեսակ դժուարութիւններու մատնեց նաեւ Կարօն: Ունեցաւ կորուստներ ու ստացաւ հարուածներ, սակայն նահանջել ու պարտուիլ չգիտցող հայրը եւ հայը՝ մի՛շտ ալ վերականգեցաւ, վերանորոգեց գործատունը, շարունակեց պայքարը: 1985ին, ստեղծուած պայմաններուն բերումով, ընտանիքի անդամները հարկադրուեցան անցնիլ Քալիֆորնիա: Անկէ ետք, Կարօն իր կեանքը ձեւով մը բաժնեց ընտանիքին եւ գործին միջեւ, գործատունը պահելով Պէյրութ, եւ այսպէս՝ մինչեւ 1998, երբ որոշեց հանգստեան կոչուիլ եւ վերջնականապէս միանալ ընտանիքին, Լոս Անճելըսի մէջ: Մինչ այդ, հպարտութեամբ հետեւած էր զաւակներուն ուսումնառութեան: Անոնք ընտրած էին արուեստի, արհեստագիտութեան ու բժշկութեան ասպարէզները: Տիկինը, աշխատելով հանդերձ բարձրագոյն ուսմանց հաստատութեան մը մէջ, շարունակեց բաժնեկից ըլլալ ընտանիքին հանդէպ Կարոյին հոգածութեան:
Քալիֆորինոյ մէջ, Քրիւմեանները նախ հաստատուեցան Լա Վըրն, յետոյ անցան Կլենտէյլ, իսկ վերջին աւելի քան 10 տարիներուն հաստատուեցան Ուէսթ Լէյք քաղաքը: Քալիֆորնիա հաստատուելէն ետք, Կարօն չէր կրնար ձեռնածալ մնալ: Ան անընդհատ շարժումի մէջ էր. կային զաւակները, կային 7 թոռները, որոնց հասակ առնելուն հետեւեցաւ օրը օրին, քայլ առ քայլ: Զաւակներէն զգացած հպարտութիւնը աւելի եւս աճեցաւ երբ տեսաւ թոռներուն հասակ առնելը եւ անոնց արձանագրած յաջողութիւնները:
Կարօ Քրիւմեանի հայրական հոգածութեան արժանացան նաեւ իր եղբօր ու քրոջ ընտանիքները, որովհետեւ եղբայրն ու քեռայրը կանուխ հրաժեշտ տուին կեանքին: Ան զաւակի լիարժէք պարտականութիւնը կատարեց իր տիկնոջ ծերունազարդ հօր հանդէպ եւս, Ցեղասպանութենէն այլ վերապրող մը՝ որուն կեանքը նմանապէս եղած էր վիպական:
Կեանքի այս հակիրճ պատմութիւնը պէտք չէ ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, որ Կարօ Քրիւմեան իր կեանքը կերտած է միայն ու միայն գործով ու ընտանիքին հոգածութեամբ: Կեանքի դժնդակ պայմաններուն յաղթահարելու իր պայքարին զուգահեռ, Կարօն ունեցած է միութենական կեանք: Եթէ նախակրթարանէն ետք հեռու մնաց ուսումնարանէն, այդ բացը լրացուց ինքնաշխատութեամբ, նոյն ատեն մուտք գործեց ՀՄԸՄի դպրոցը, ուր ստացաւ մտային, հոգեկան ու ֆիզիքական կերտում: Մաս կազմեց միութեան հեծելարշաւի խումբին, աւելի ուշ, նաեւ յանձն առաւ այս կալուածին մէջ վարչական պատասխանատուութիւններ: Եղաւ թենիսի մարզիկ, կիրարկեց կռփամարտ եւ պասքեթպոլ: Այս բոլոր չըրաւ միայն այցելու մարզիկի մօտեցումով, այլ ուսումնասիրեց եւ հմտացաւ իւրաքանչիւրին մէջ: Կրնար սեղմ ու օգտակար դասախօսութիւն տալ, բացատրել, թէ հեծելարշաւի խումբ մը ինչպէ՛ս կը մրցի ու յաղթանակի կը հասնի, թենիսի վարպետները ինչպիսի շարժումներու հմտութիւն ունին, նոյնը՝ իր նախասիրած այլ մարզախաղերու վարպետներու մասին: Իսկ մարզականէն անդին, սիրողականէ շատ անդին կլանուած էր արուեստի, մասնաւորաբար երաժշտութեան մէջ. կրնար խօսակիցին բացատրել, թէ որոշ արուեստագէտ մը ինչպէս կը նուագէ եւ ինչպիսի նրբութիւններով կը տարբերի ուրիշ արուեստագէտներէ: Հպարտութեան մէկ այլ աղբիւրն ալ՝ ընթերցասիրութիւնն էր: Հոն ալ պարզ ընթերցող չէր, այլ քննարկող ու վերլուծող միտք: Երեկոները, գիրքը իր մնայուն ընկերն էր, մինչեւ… վերջին գիշերը:
Ինչպէս իր անձնական ասպարէզին մէջ, նոյնպէս ալ մեր ժողովուրդին իր ծառայութիւններուն համար, ան գործեց առանց աղմուկի եւ յոխորտանքի: Կարելի չէ մոռնալ, օրինակի համար, այն նպաստը, որ Կարօ Քրիւմեան մատուցեց Անթիլիասի հայկական ակումբին, երբ պարերազմի տարիներուն, պենզինի տագնապ կը ստեղծուէր: Ներկի ճարտարարուեստին մէջ իր ձեռք բերած հմտութեամբ, ան յաջողեցաւ իր գործատան որոշ նիւթերը պենզինի վերածել, որպէսզի գործածուի ակումբի ժողովրդանուէր աշխատանքներուն մէջ: Կարելի չէ մոռնալ նաեւ զէնքերու հետ իր բարեկամութենէն ձեռք բերած հմտութիւնը, որ նմանապէս ի սպաս դրաւ՝ ակումբը եւ հայկական թաղերը պահպանողներուն:
Լոս Անճելըս հաստատուելէն ետք, Կարօ Քրիւմեան իր բոլոր միջոցներով մասնակից դարձաւ Այնթապի Մշակութային միութեան ու մասնաւորապէս Կրթասիրացի շրջանաւարտից միութեան աշխատանքներուն, եղաւ անոր գործօն անդամներէն: Եղաւ հայկական մշակութային կեանքին ու ձեռնարկներուն հաւատարիմ ներկաներէն, առանց ինքզինք սահմանափակելու այս կամ այն միութեան ծիրին մէջ: Իրեն համար, հայը եւ հայկականն էին հիմնականը, որովհետեւ կը տեսնէր, որ բոլորն ալ իրարու կը միանային իր պատկերացուցած՝ բուրգին գագաթը, որ նման էր Արարատի գագաթին: Իր հետաքրքրութիւններուն ճամբով, բարեկամութիւններ հաստատեց գրողներու եւ արուեստագէտներու հետ, իսկ այս վարքագիծով, գործնական ճամբայ ցոյց տուաւ ժառանգորդներուն:
Հայաստանը իր պատկառելի տեղը ունէր Կարոյի կեանքին ու մտածումներուն մէջ: Առաջին անգամ հայրենիք այցելած էր 1987ին, երբ դուստրը երաժշտութեան ուսանող էր Երեւանի մէջ: Վերջին տարիներուն, ան որդեգրեց նոր սովորութիւն մը` ամառները անցընել Հայաստանի մէջ: Եթէ չըլլար Պսակաձեւ ժահրին համաճարակը, ան հաւանաբար այս օրերուն Հայաստան գտնուէր…
Կարոյին կեանքը եղաւ անընդհատ պայքար եւ իրերայաջորդ նուաճումներու պատմութիւն: Ունեցաւ առողջական դժուարութիւններ, սակայն շնորհիւ առողջ կենսաձեւին, ան յաղթական դուրս եկաւ բոլոր դժուարութիւններէն: Մինչեւ վերջին օրն ալ, կանոնաւորապէս շարունակեց իր նորագոյն գործը՝ հոգալ պարտէզին ծառերը եւ ծաղիկները, որոնք հպարտութեան նորագոյն աղբիւրներ էին իրեն համար: Հիւրասէր Կարօն, որ իր պատրաստած համադամ ճաշերով տիկնոջ հետ հպարտութեամբ մրցումի կ՛ելլէր: Երբ հարազատները կը հիւրընկալէր, նոյնպիսի հպարտութեամբ իրեն այցելողները կը տանէր պարտէզ, ցոյց տալու համար հասակ առնող ծառերը եւ վարդի թուփերը: Պարտիզպանութեան այս աշխատանքն ալ կը կատարէր արհեստավարժի բծախնդրութեամբ եւ հմտութեամ, ինչպէս ըրած էր կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ: Եթէ անոնք հրաշքով լեզու առնէին, զաւակներուն, թոռներուն եւ հարազատներուն պէս վկայութիւն պիտի տային իրենց վայելած գուրգուրանքին մասին:
Մահը զինք անակնկալի բերաւ, երբ կը քնանար. հաւանաբար այդ ճակատամարտն ալ յաղթանակով վերջացնէր, եթէ արթուն ըլլար: Հիմա, երբ կը պատրաստուինք վերջին հրաժեշտը տալու իրեն, մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի պէս պիտի ըսենք. մահը մերն է, մենք մահինը, մարդուն գործն է անմահ: Կարոյին գործերն են որ զինք անմահ պիտի պահեն, իր յիշատակները պիտի մնան ընտանիքին ու հարազատներուն հետ, եւ հետեւելով Պետրոս Դուրեանի մտածումին՝ կրնաք ըսել, որ իր յիշատակը պիտի չթառամի, զինք մահացած պիտի չսեպենք եւ պիտի մխիթարուինք իր կեանքի՛ն յիշատակներովը:
Դամբանական՝ Կարօ Քրիւմեանի
Սգակիր ներկաներ,
Հաւաքուած ենք բոլորս ալ սուգով, աղօթքով եւ խունկով յարգանքի մեր վերջին արդար բաժինը բերելու մեր սիրելի ու յարգելի բարեկամին-ընկերոջ եւ հարազատին պրն. Կարապետ Քրիւմեանին, որուն կեանքը եղաւ օրինակելի նուիրում եւ անսահման ծառայասիրութիւն, իր կնոջ, իր զաւակներուն, իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ ամբողջ շրջապատին:
Դամբանական չունիմ: Կատարածս, աւելի ճիշդ՝ արտասանած խօսքերս, այս առթիւ սրտի եւ երախտագիտութեան համեստ պարտքս է:
Բայց նաեւ աւելցնեմ, որ ժամանակի թաւալումով շատ բան կը փոխուի մեր կեանքին մէջ, երբ մանաւանդ այսպէս մեր շուրջէն կը բացակային դէմքեր, որոնց բացակայութիւնը ոչ մէկը կրնայ լեցնել եւ որ մեծ ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ բոլորիս:
Անհետացող սերունդը իրեն հետ կը տանի նաեւ պատմական մեր յիշողութիւնը, որ փաստագրական տուեալներէ աւելի մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար:
Նաեւ ըսեմ, որ յամառ աշխատանքի եւ տառապանքի ամբողջ պատմութիւն մը եղաւ հանգուցեալ պրն. Կարապետի կեանքը, որ այսպէս օրեր առաջ, մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ՝ նոյնիսկ առանց մնաք բարովի:
Հիմա հարց է, թէ ուրկէ՞ պէտք է սկսիլ, ինչպէ՞ս գնահատել կամ արժեւորել կեանքը մէկու մը, որ իր սիրտի ու միտքի ամբողջ գանձերն ու ճոխութիւնը բաժնած էր բոլորիս:
Մէկը, որ գնահատելու, քաջալերելու, լաւն ու ճիշդը մատնանշելու իր կեցուածքին առընթեր, ունէր նաեւ վճռական տրամադրութիւն: Աննահանջ հայութեամբ, ուր յոռետեսութիւնը տեղ չունէր երբե՛ք:
Սգակիրներ, ահա թէ ինչո՞ւ մեր շուրջը անօրինակ ամայացումը ծանր նստած է մեր բորոլին վրայ:
Հաւատացէ՛ք, դժուար է կորսնցնել նման անձ մը, հարազատի մը չափ անկեղծ բարեկամ մը: Սակայն նոյնքա՛ն դժուար է զայն կորսնցնելէ ետք՝ հրաժեշտի խօսք մը ըսելը, գրելը, արտայայտելը:
Յուսահատիլ չգիտցող մարդիկ կան: Ահա՛ անոնցմէ մէկն էր պրն. Կարապետը, ընկեր Կարոն, որուն ծանօթ եմ տարիներէ ի վեր, աւելի ճիշդ՝ զինք մօտէն ճանչնալու, հետը խօսելու եւ խորհրդակցելու առիթը, պատեհութիւնն ու բախտը ունեցած եմ:
Անոր համար իր բացակայութիւնը մեզ բոլորս շշմած վիճակի մէջ պահած է:
Որովհետեւ, օր մը՝ սեւ օր մը, երբ ճակատագիրի անգութ հարուածը խլեց զինք մեզմէ, մեր ժպիտները չքացան եւ մեր ուրախութիւնը ցամքեցաւ:
Գիտեմ, որ ամէն մահ մեզմէ բան մը կը տանի իր հետ, իսկ այս օրերուն եւ այս վայրկեանին, յոյսի եւ հաւատքի խօսքերով միայն կ՛ուզեմ մխիթարել եւ մխիթարուիլ:
Հպարտութեամբ նաեւ ըսեմ, որ հանգուցեալ պրն. Քրիւմեան ամուսնացած էր Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի իմ յարգելի եւ սիրելի ուսուցչուհիներէս՝ Ալիս Անտոնեանի հետ: Այս զոյգը ունեցաւ երեք զաւականեր, Սեւան, Նարեկ եւ Ռազմիկ, որոնց տուին հայեցի կրթութեամբ պատշաճ դաստիարակութիւն, ազգային եւ մարդկային սկզբունքներով ճոխացած:
Շատ յաճախ ըսած ու կրկնած եմ, թէ մենք՝ հայերս, մեր մեռելները մեզի հետ ապրեցնող ազգ մըն ենք, միշտ կը յիշենք եւ կը յիշեցնենք, որովհետեւ նաեւ հաւատացած ենք, որ մեր մեռելներուն սուգը մեր կեանքի արեւն ալ է:
Ու անկեղծօրէն ըսելով, տարիներով միասին վայելեցինք մեր բարի եւ հաւատարիմ բարեկամ-ընկերոջ ներկայութեամբ ստեղծուած հաճելի եւ գեղեցիկ օրերը, ժամերն ու պահերը: Միասին բաժնեցինք անխտիր ամէն մտածում: Երբեմն նոյն յարկի տակ, նոյն սեղանէն միասին ճաշեցինք, յաճախ նոյն գաւաթով ջուր եւ կենաց խմեցինք եւ ամէն տեսակի վիշտ, ցաւ ու խնդութիւն, վախ, ժպիտ ու կեանքի ուրախութիւն, ծրագրում, ցնծութիւն եւ նոյնիսկ դառնութիւն՝ հաւասարապէս կիսուեցանք… պարկեշտօրէն եւ վեհանձնօրէն եւ համեստաբար:
Անկեղծօրէն, հանգուցեալը ինծի համար տարբեր էր, իբրեւ մարդ եւ ամբողջութիւն:
Իր բոլոր խօսակիցներուն մտքերուն մէջ նորութիւն սերմանող մըն էր:
Մէկը, աւելի ճիշդ մեծութիւն մը, այն քիչերէն, որ յուշերու անշահախնդիր պեղումներու վկայութիւններով, հիմնական սահմանումներ կը կատարէր:
Ըսի չէ, մեծ էր ջերմագին եւ անօրինակ: Մեծ էր տարիքով, մտքով, նկարագրով եւ հոգիով: Լուրջ, բարի եւ զգայուն մարդ: Հաւատացէ՛ք, ահաւոր բան է այսպէս արտայայտուելով սողալ երախտապարտ մարդու մը կեանքին մէջ, որուն ընդարձակ խօսքերէն իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն՝ քեզ անպայման կը համոզէ:
Ան նաեւ երախտապարտ ունկնդիր մըն էր, անոր համար ալ իր մահուան իրականութեան հետ, հիմա դժուար է հաշտուիլ:
Տակաւին ինք աչքիս դիմացն է, իր ժպտուն դէմքով, իր կատակախօս բառերով, յաճախ իր բարկացկոտ ու ջղային ձայնով, սակայն եւ միշտ իր կարեկցող սիրտով: Իր արտաքինին հետ զուգահեռ, յատկանշական էր նաեւ իր պատուախնդիր, ազգային, մշակութասէր, գթասիրտ հայու կերպարը եւս: Ինծի համար ինք նաեւ ասպետական ոգիի ցուցանիշ մըն էր: Ես այս իրականութեան ծանօթն ու վկան եմ:
Հաւատացէ՛ք, անձնապէս, ծանր պայքարեցայ հին օրերու գեղեցիկ յուշերու թարմացումը բերելու: Ու այս օրերուն ինքզինքս կրկնակի յանցաւոր կը զգամ պարտաճանաչ չըլլալուս համար:
Ու այսպէս մտքիս զանազան թափառումներուս ընթացքին, ինքնածին պահանջք մը զգացի եւ մտադրեցի իմ կարգիս գրել ու խօսիլ այն մարդուն մասին, գնահատել ու արժեւորել այն մարդը, որուն կեանքը ազգային հաւաքական ապրում մըն ալ էր:
Հիմա բոլորս ալ զինք կը փնտռենք, ոչ թէ անոր համար որ իր նպատակը մեր սրտին շատ մօտիկ զգացած ենք, այլ որովհետեւ իր օրինակին հետեւելով՝ երբեմն կը փորձենք մենք զմեզ նայիլ, դիտել՝ մեզ լաւապէս ճանչնալու համար:
Բոլորս ալ կը սիրէինք ու կը յարգէինք զինք, որովհետեւ իր հեզաբարոյ, համեստ, կատակասէր նկարագրով, իր ժպիտով եւ իր սիրով, մեծ սիրելի մը դարձած էր բոլորիս համար: Անոնք, որոնք մօտէն ճանչցած էին զինք, ծանօթ էին իր խորունկ հոգիին, անպայման իրենց տեսակաւոր առաջարկներն ու խնդրանքները պատասխան գտած էին եւ անպայման պիտի հաստատեն այս տողերը:
Բոլորէս եւ բոլորէն փնտռուած հայ մարդ մը: Բոլորի՛ն հարազատ: Բոլորի՛ն գործակիցը, իբրեւ ամուսին եւ կամ հայր, իբրեւ ընկեր եւ հաստատապէս իբրեւ անկեղծ ու մեծ խորհրդակից:
Մեծերը մեծ կը մնան ու յաւերժ կ՛ապրին, որովհետեւ անոնք հիմերը կը դնեն մեր գալիքին, ապագայի՛ն: Անհետացող սերունդը իրեն հետ կը տանի նաեւ պատմական մեր յիշողութիւնը: Անոր համար Իր բացակայութիւնը մեզ երկար ատեն շշմած վիճակի մէջ պիտի պահէ: Կը գիտակցիմ ու կը գիտակցինք բոլորս ալ:
Այս առումով, իր մահը մեծ կորուստ մըն է նաեւ ինծի ալ, իր անմիջական շրջապատին չափ եւ համազօր:
Ահա՛ թէ ինչո՞ւ անձնապէս կը հաւատամ, որ Իր յիշատակը մերն է ու մենք պարտաւոր ենք հսկել եւ պահել:
Այո՛, դժուար է պատկերացնել տեւաբար խինդ ու ժպիտ, բարութիւն եւ կամեցողութիւն բաբախող սրտի մը զարկին վերջնական լռութիւնն ու անոր մահուան վշտին ծանրութիւնը:
Ահա հայու ճակատագիր: Կը ծնիս տեղ մը, կ՛ապրիս ուրիշ տեղ եւ կը մահանաս բոլորովին ուրիշ տեղ: Ու այս վայրկեանին, մտքիս խորերէն յանկարծ ինքնաբուխ ձեւով կը ծագի մեծ հարցում մը.
– Քանի մը էջերու մէջ ամփոփած յետ մահու այս տողերովս արդեօք կարողացա՞յ արդարացնել հանգուցեալ բարեկամիս հաւատքին ու հոգեկան մեծութեան հանդէպ ունեցած յարգանքս:
Սովորական խօսքեր, աժան բառեր չեն այս տողերը: Հաւատացէ՛ք:
Արդ, յարգելի ուսուցչուհիս տիկին Ալիս, եւ հանգուցեալ մեծ ընկերոջս սիրելի զաւակներ, Սեւան, Նարեկ, տոքթ. Ռազմիկ եւ տիկինը, թոռներ, ու բոլոր հարազատներ, թոյլ տուէք, որ խտացած այս մտածումներս, իբրեւ յիշատակի ծաղկեփունջ մը բերեմ՝ երախտապարտօրէն ու յարգանքով:
Յաւերժական յարգանք քեզի պրն. Կարօ, քու հոգիիդ, հայու հաւատքիդ, մաքուր երազներուդ եւ օրինակելի պատրաստակամութեանդ եւ ծառայասիրութեանդ:
Ու անպայման երկնային մխիթարութիւն՝ սիրելի եւ յարգելի ուսուցչուհիս՝ քեզի ու քու բոլոր զաւակներոդ, թոռներուդ ու հարազատներուդ:
Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցին:
Գէորգ Պետիկեան