ՅԱՐՈՒԹ ՖԱԶԼԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԵՑ ԻՐ ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ԵԼՈՅԹԸ
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութիւնը վայելող, Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100ամեակին նուիրուած, Պաալպեքի միջազգային փառատօներու յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած, մայէսթրօ Յարութ Ֆազլեանին կողմէ պատրաստուած եւ գործադրուած, Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին կողմէ մեկնաբանուած «Գոյատեւման Ձայնը» խորագիրը կրող ելոյթը տեղի ունեցաւ Պաալպեքի Բագոսի տաճարին մէջ, Կիրակի, 5 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 9էն սկսեալ:
«Ասիկա պարզ զուգադիպութիւն չէր, այլ ունէր իր խորհուրդը, որովհետեւ այս տաճարը կրցած էր յաղթահարել ամէն տեսակի երկրաշարժ եւ կանգուն մնալ, կանգնիլ անսասան, վեհութեամբ նայիլ դէպի երկինք` իր հսկայական քարերով եւ կազմաւորումով, սիւներով եւ անոնց վրայ փորագրուած գեղեցկութեամբ: Տուեալ տաճարէն «Գոյատեւման Ձայն» բարձրացնելը ունէր իր խորհուրդը, որովհետեւ անիկա վճռակամութիւնն է Լիբանանին` դիմագրաւել փտածութեան պատճառով երկրին մէջ այսօր տիրող դժուար կացութիւնը, չընկրկիլ, տոկալ եւ պահպանել երկրին առանձնայատկութիւնները», կը գրէ մեր պաշտօնակից «Ազդակ» օրաթերթը:
Ելոյթին ընթացքին տեսերիզով ցուցադրուեցաւ Պաալպեքի փառատօներուն պատմականը, նկարներ` տարբեր տարիներէ, նշանաւոր դէմքերէ, արուեստագէտներէ, մշակութային ներկայացուցիչներէ, այլ խօսքով` Պաալպեքի փառքի օրերէն, զանոնք կրկին վերականգնելու յոյսով եւ հաւատքով:
Իւրայատուկ այս նախաձեռնութիւնը ուղղակիօրէն սփռուեցաւ. Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս գտնուող մեծաթիւ անձեր հետեւեցան անոր` յուսալով, որ յոյսի այս նշոյլը կ՛աճի եւ փրկութեան ուղի կը բանայ Լիբանանի համար: