ԱՆԻ ՄԱՃԱՐԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, խնամիին եւ հարազատին՝ Անի Մաճարեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 7 Յուլիս, 2020ին։
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի միայն ընտանեկան պարագաներու ներկայութեամբ։
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Սահակ եւ Սիւզի Մաճարեան եւ զաւակները՝ Կարէն եւ Արնիա
Դուստրը՝ Թալին եւ Զօրիկ Մուրատեան եւ դուստրը՝ Անիշա
Թոռը՝ Նանօր եւ Արի Գամպերեան
Եւ համայն Մաճարեան, Մուրատեան, Նահապետեան, Գամպերեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
ԱՆԻ ՄԱՃԱՐԵԱՆի՝ Համազգայինի ընտանիքի երկարամեայ նուիրեալ անդամին, մահուան տխուր առիթով, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնն եւ անդամ-անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
god bless her soul