ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ կը խոնարհի հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կրակոցներէն մահացած հայորդիներուն յիշատակին։
«Հայրենիք, պատիւ, նուիրուածութիւն. մեր կամաւորի, զինուորի, սպայի, գեներալի նշանաբանը բոլոր ժամանակներում: Խոնարհումս իրենց կեանքը հայրենիքին ու ժողովրդին նուիրաբերած բոլոր հերոսների յիշատակին: Յաւերժ փառք ձեզ՝ մայոր Գարուշ Համբարձումեան եւ կապիտան Սօս Էլբակեան», կը գրէ նախագահը: