ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիա խորապէս մտահոգ է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակով` կողմերուն կոչ ուղղելով զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ զինադադար հաստատելու։
«Մենք խորապէս մտահոգ ենք հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած փոխադարձ կրակոցներէն։ Մենք երկու կողմերուն ալ կոչ կ՛ուղղենք՝ զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ կատարելու զինադադարի պայմաններուն մէջ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները։ Ռուսիա՝ իբրեւ Մինսկի խմբակի համանախագահ, պատրաստ է լուծման համար միջնորդական ջանքեր գործադրելու», յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ։