ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ընկերային ցանցերու վրայ Հայկական Հարցին մասին ճշգիտ տեղեկութիւններու հրապարակումները բազմացնելու եւ Հայ Դատը աւելի ազդու կերպով ջատագովելու նպատակով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է յատուկ ծրագիրի մը, առիթ ընծայելով իւրաքանչիւր հայորդիի, որ գործօն մասնակցութիւն ունենայ հայութեան տարրական իրաւունքները պաշտպանելու գործին։
Այս մասին պատրաստուած տեսանիւթը դիտելու եւ արձանագրուելու համար այցելել https://frontrunner.anca.org կայքը։