ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Մինչ վարակումներու թիւերը կը շարունակեն աճիլ, «Քովիտ 19» հիւանդութեան դէմ պատուաստի առաջին փորձարկումները տուած են յուսադրիչ արդիւնք եւ Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր վարակաբան Էնթընի Ֆաուչի ողջունեց «Մոտերնա» ընկերութեան արձանագրած յաջողութիւնը։
Նուպար Աֆէյեանի համահիմնադրած ընկերութեան գիտնականները պատուաստին փորձարկման կարեւորագոյն փուլին պիտի անցնին 27 Յուլիսին, 30,000 անձերու մասնակցութեամբ, որ վերջնականապէս պիտի տայ պատասխանը, թէ անիկա կարողութիւնը ունի՞ մարդիկը պաշտպանելու «Քորոնա» ժահրէն:
Նշենք, որ փորձերու նախնական փուլին մասնակցած էին միայն երիտասարդ անձեր: Յաջորդող փորձարկումներուն ընդգրկուած են նաեւ աւելի տարեցները: Պիտի առանձնացուին նաեւ սեւամորթ եւ սպանախօս անձերու տուեալները, որովհետեւ ցարդ անոնց մօտ արձանագրուած է վարակուածութեան աւելի բարձր ցուցանիշ:
Ներկայիս շարք մը այլ երկիրներու մէջ եւս կ՛իրականացուին շուրջ երկու տասնեակի հասնող պատուաստներու փորձարկումներ, որոնցմէ ամէնէն յուսադրիչներէն է Բրիտանիոյ «Օքսֆըրտ» համալսարանի առաջնորդածը:
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 15 Յուլիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 44 քաղաքացիներու մահը եւ 2758 նոր վարակումներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 143,009 վարակումներ եւ 3932 մահեր: Հիւանդանոցային դարմանումի կ՛ենթակուին 2193 անձեր, ինչ որ նոր մրցանիշ մըն է գաւառին համար։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 355,000 վարակումներ եւ 7374 մահեր: Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 3.65 միլիոն եւ 140,496 են։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը 13.8 միլիոն է, որուն 8.2 միլիոնը ապաքինած է: Մահացած են 589,138 վարակուածներ:
Վարակուածներու թիւով Միացեալ Նահագներուն յաջորդող Պրազիլի, Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ կան յաջորդաբար 1.98 միլիոն, 1 միլիոն եւ 752,797 վարակուածներ: