
ՊԱՔՈՒ, «Ռոյթըրզ».- Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Էլմար Մամետեարով Հինգշաբթի օր հեռացուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, ըստ որոնց, այս մասին հրամանագիր ստորագրեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Մամետեարով 2004էն ի վեր Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարն էր:
15 Յուլիսին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախարարներու նիստին դժգոհութիւն յայտնած էր արտաքին գործոց նախարարութեան եւ նախարար Էլմար Մամետեարովի աշխատանքէն: Ալիեւ ըսած էր, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ընթացքին չէ կրցած գտնել Մամետեարովը, որ վարչապետին ըսած է, թէ տունէն կ՛աշխատի:
Ալիեւ ըսած էր հետեւեալը. «Մեր դիւանագիտութիւնը կրնար աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ: Ես բազմիցս նշած եմ, որ մեր դիւանագիտութիւնը պէտք է ըլլայ յարձակողական, եւ ոչ թէ կրաւորական, պաշտպանողական: Պէտք չէ ըլլայ դիւանագիտութիւն, որ կը վախնայ արտայայտուելէ, որպէսզի բաւարարէ ոեւէ մէկը։ Հակառակ իմ յանձնարարականներուս՝ ես նախարարէն արդիւնք չտեսայ: Դժբախտաբար, վերջերս մեր դիւանագիտութիւնը համատեղելի չէ մեր երկիրի զարգացման յաջողութեան հետ, որոշ պարագաներու անիկա զբաղած է անմիտ աշխատանքով, անմիտ բանակցութիւններով»:
Ըստ Ատրպէյճանի նախագահին՝ մինչ Հայաստանի վարչապետը կ՛ըսէ, որ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը լուռ կը մնայ։
Ատրպէյճանի նախագահը աւելցուցած էր, որ Մամետեարով որեւէ կերպով չէ արձագանգած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին վրայ 12 Յուլիսին սկսած իրադարձութիւններուն:
Աւելի ուշ, Ալիեւ արտաքին գործոց նախարար նշանակեց Ճէյհուն Պայրամովը, որ ցարդ երկրին կրթութեան նախարարն էր։
