ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Գուզկունճուք թաղի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ դէմ Մայիսին կատարուած յարձակումին մասին նախապէս գրած էինք։ 14 Յուլիսին, Գարթալի մէջ տեղի ունեցաւ ձերբակալուած յանցագործին դատավարութիւնը։ Դատական նիստին ներկայ գտնուեցաւ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան։
Մեղադրեալ Մ.Ս. զղջում յայտնեց իր արարքին համար՝ պնդելով, որ որեւէ կազմակերպութեան անդամ չէ եւ թէ յարգանք ունիմ բոլոր կրօնքներուն հանդէպ։
Դատարանը նկատի չառաւ այս մեղանչումը եւ վճռեց նախ մէկ տարի բանտարկել զայն․ ապա, նկատի ունենալով այս արարքին հասարակութեան որոշ մէկ հատուածը վիրաւորած ըլլալու իրողութիւնը չորս ամիս աւելցուց պատիժին վրայ։