
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Սերպիոյ առեւտուրի նախարար Ռասիմ Լիալիչ 22 Յուլիսին յայտարարեց, որ չկայ որեւէ միջազգային սահմանափակում, որուն հիման վրայ Սերպիա կրնայ հրաժարիլ զէնք վաճառելէ, հակադարձելով այդ մասին Պաքուէն հնչող մեղադրանքներուն։
«Ո՛չ Եւրոպական Միութիւնը, ո՛չ Միացեալ Նահանգները եւ ոչ էլ Ռուսիա Հայաստանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանած են․ շատ դժուար է մերժել այդ երկրին՝ սպառազինութիւն գնելու առաջարկները», նշեց նախարարը:
Յայտնենք, որ Ատրպէյճանի մօտ Սերպիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տանիցա Վէյնովիչ այս շաբաթ կանչուած էր արտաքին գործոց նախարարութիւն` Պելկրատի կողմէ Հայաստանին մեծ քանակութեամբ զինամթերքի մատակարարման տեղեկութեան պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆով անոր ըսած է հետեւեալը․ «Սերպիոյ ոչ-բարեկամական քայլը` աջակցելու Հայաստանի յարձակողական քաղաքականութեան, խոր ափսոսանք եւ հիասթափութիւն կը յառաջացնէ Ատրպէյճանի ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան մօտ եւ կը խաթարէ Ատրպէյճանի ու Սերպիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները եւ ռազմավարական գործընկերութիւնը»։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հրապարակած էին տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, Սերպիա Վրաստանի տարածքով զինամթերք կը մատակարարէ Հայաստանին:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց տարածուած տեղեկութիւնը: