ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն»․- Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մօտ, 21 Յուլիսին հաւաքուեցան բազմաթիւ հայեր` իրենց աջակցութիւնը յայտնելով Հայաստանին եւ հայոց բանակին:
Հայ համայնքի անդամները տեղեկացան, որ Շուէտի մէջ ատրպէյճանցինեը իրենց դեսպանատան մօտ պիտի կատարեն ցոյց մը, որուն հակադարձելու համար շատ արագ կազմակերպուեցան եւ հաւաքուեցան դեսպանատան դիմաց: