Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ զինուորական վերջին գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք մահացած ատրպէյճանցի զինուորներուն ընտանիքներուն ինքնաշարժներ եւ բնակարաններ նուիրելու արարողութեան ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է՝ Ատրպէյճանի դէմ «առանձին» կռուելու՝ աւելցնելով. «Այդ ժամանակ կը տեսնենք, թէ ո՛վ կը յաղթէ»։
Այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը։
Ատրպէյճանի նախագահին պնդումով, իր երկիրը Հայաստանին կործանիչ հարուած հասցուցած է, որմէ ետք Հայաստանը դիմած է ՀԱՊԿի օգնութեան ու ոչ մէկ արդիւնքի հասած»։
Ալիեւ նշած է նաեւ, թէ ՀԱՊԿի անդամ երկիրներէն «Ղազախստանն ու Խըրխըզիստանը իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Ատրպէյճանին այլ կազմակերպութիւններու՝ Թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի ծիրին մէջ, իսկ Պիելոռուսը՝ Ոչ-յանձնառու երկիրներու շարժման ծիրին մէջ»։
Ըստ Ալիեւի՝ ՀԱՊԿին դիմելէ առաջ, «Հայաստան պէտք է յիշէ, թէ ինչպէ՛ս այդ կառոյցը վիրաւորած է՝ առանց միւս երկիրներուն հետ համակարգելու ձերբակալելով կառոյցի ընդհանուր քարտուղարը»։
«Մեզի հետ դէմ առ դէմ կռուեցէ՛ք, տեսնենք՝ ո՛վ կը յաղթէ», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը՝ դիմելով Հայաստանի ղեկավարութեան։